Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեցին Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Ներկայացուցիչները
By adminx - Wed Jun 20, 7:13 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Ուրբաթ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցիչները: Սոյն այցելութեան նպատակն էր վեհափառին պարզել Իրանի տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումներուն ու յատկապէս Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի կացութեան շուրջ:
Լսելէ ետք այցելուները` վեհափառը իր տեսակէտները պարզեց, շեշտելով, թէ ինչ ալ ըլլան տեղի ունեցող զարգացումներուն հետեւանքները, մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարական սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու ամբողջական ճանաչումը կը մնայ հրամայական անհրաժեշտութիւն: Այս ծիրին մէջ վեհափառը նաեւ շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան կարեւորութիւնը, եւ իբրեւ համահաւասար քաղաքացիներ քրիստոնեաներուն ամբողջական մասնակցութիւնը շրջանի երկիրներու կառավարման կառոյցներուն:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print



