Saturday May 25, 2013

Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Գործադիր Մարմինը Որոշեց Կառավարութեան Նոր Նախարարներու Թեկնածուներուն Անունները

By adminx - Sat Jun 16, 7:51 am

Նոր նշանակուելիք նախարարի թեկնածուները` Գագիկ Բեգլարեան, Դերենիկ Տումանեան եւ Արտեմ Ասատրեան

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ երէկ ուշ երեկոյեան վերջ գտաւ Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի նիստը, որուն օրակարգին վրայ էր նոր կառավարութեան ձեւաւորման հարցը:

Նիստին կը մասնակցէր Հանրապետական կուսակցութեան ամբողջ ղեկավար կազմը` կուսակցութեան առաջնորդ եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:

Նիստէն անմիջապէս ետք լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանեց Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ քարտուղար, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով: Վերջինս ըսաւ, որ Գործադիր մարմինի նիստին կուսակցութեան առաջնորդ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով քննարկուած է կառավարութեան կազմի հարցը եւ միաձայն ընդունուած են այն թեկնածուներուն անունները, զորս առաջադրած է ան: Այնուհետեւ Շարմազանով ըսաւ, որ ցանկութիւն չունի չարաշահել լրագրողներուն համբերութիւնը եւ տեղեկացուց, որ այս պահուն Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամ բոլոր գործող նախարարները կը շարունակեն իրենց պաշտօնավարումը, այնուհետեւ, ըստ նախարարութիւններու ներկայացուց նոր նախարարներու թեկնածուներուն անունները:

Ըստ որուն, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնին համար կ՛առաջադրուի Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի տնօրէն Դերենիկ Տումանեան, փոխադրամիջոցներու նախարար` Գագիկ Բեգլարեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնին կ՛առաջադրուի ներկայիս փոխնախարար Արտեմ Ասատրեան: Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարին անունը, Շարմազանովի համաձայն, կը յայտարարուի կառավարութեան յառաջիկայ նիստին:

Ինչ կը վերաբերի քաղաքաշինութեան նախարարի թեկնածուին, ապա պատասխանելով այդ հարցումին Շարմազանով ըսաւ, որ այդ նախարարութիւնը Օրինաց երկիր կուսակցութեան կը պատկանի, հետեւաբար այդ կուսակցութեան որոշելիքն է:

Լրագրողներէն մէկուն հարցումին, թէ ի՛նչ պիտի ընէ Սամուէլ Նիկոյեան, Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբերը պատասխանեց, որ ան կը մնայ իբրեւ պատգամաւոր:

Յիշեցնենք, որ 2 յունիսին կայացած Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի նիստէն ետք Հայաստանի նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր ստորագրեց` վարչապետ նշանակելով Տիգրան Սարգսեանը:

Անկէ ետք, 4 յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան վարչապետին առաջարկով նշանակեց կառավարութեան անդամներէն երեքը` իրենց պաշտօններուն վրայ ձգելով արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեանը:

Այսպիսով հանրապետական գործող նախարարները եւ նախարարի թեկնածուներուն ցանկը կը ստանայ հետեւեալ պատկերը.

Տարածքային կառավարման նախարարի թեկնածու` Արմէն Գէորգեան:
Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի թեկնածու` Արտեմ Ասատրեան:
Առողջապահութեան նախարարի թեկնածու` Դերենիկ Տումանեան:
Արդարադատութեան նախարարի թեկնածու` Հրայր Թովմասեան:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարար (Օրինաց երկիր)` Արմէն Երիցեան:
Արտաքին գործոց նախարար` Էդուարդ Նալբանդեան:
Բնապահպանութեան նախարարի թեկնածու` Արամ Յարութիւնեան:
Տնտեսութեան նախարարի թեկնածու` Տիգրան Դաւթեան:
Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարի թեկնածու` Արմէն Մովսիսեան:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի թեկնածու` Արմէն Աշոտեան:
Մշակոյթի նախարարի թեկնածու` Յասմիկ Պօղոսեան:
Պաշտպանութեան նախարար` Սէյրան Օհանեան:
Սփիւռքի նախարարի թեկնածու` Հրանուշ Յակոբեան:
Փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարի թեկնածու` Գագիկ Բեգլարեան:
Ելեւմտական նախարարի թեկնածու` Վաչէ Գաբրիէլեան:

Բացի արտակարգ իրավիճակներու նախարարի աթոռէն, Օրինաց երկիր կուսակցութեան կը պատկանին նաեւ գիւղատնտեսութեան եւ քաղաքաշինութեան նախարարներու աթոռները: Երէկ կայացած կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին որոշուած է քաղաքաշինութեան նախարարի պաշտօնին երաշխաւորել Օրինաց երկիրի քաղաքական խորհուրդի անդամ Սամուէլ Թադէոսեանը, գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնին` Սերգօ Կարապետեանի թեկնածութիւնը:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարի հաւանական թեկնածու կը նկատուի Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան:

Երկուշաբթի, 18 յունիսին, կը կայանայ Հայաստանի նոր կառավարութեան անդրանիկ նիստը, որ նաեւ արտահերթ կ՛ըլլայ:

Կառավարութեան արտահերթ նիստի օրակարգին վրայ պիտի ըլլայ կառավարութեան ծրագիրը, որ ըստ մամուլին մէջ շրջանառուող տեղեկատուութեան` պիտի ներկայացուի 20 յունիսին կայանալիք Ազգային ժողովի նիստի հաստատման:

 

Leave a Reply

Advertisement