Զինադադարի Խախտում Մը Եւս. Հայ Զինուոր Մը` Սպաննուած
By adminx - Tue Jun 19, 7:55 am
- 0 Comments
- 133 views
- Tweet
Email
Print
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ երէկ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ արձանագրուած է զինադադարի դրութեան խախտման հերթական դէպք մը, որուն իբրեւ հետեւանք հայ զինուոր մը սպաննուած է:
Բանակի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 18 յունիսին առաւօտեան` բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն վրայ պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած փամփուշտէն մահացու հրազէնային վէրք ստացած է ժամկէտային զինուոր` Արամ Գիւլնազարեան (ծնեալ` 1993 թուականին): Վիրաւորը հիւանդանոց տեղափոխուելու ճամբուն վրայ մահացած է:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ «Ազրպէյճանի հերթական սադրանքը բացայայտ մարտահրաւէր է ԵԱՀԿ-ին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն, անիկա նախապէս ընդունուած պարտաւորութիւններու եւ համաձայնութիւններու պոյքոթ է»: Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ եւ յանցաւոր գործողութիւնները եւ կը յայտարարէ, որ լարուածութեան հետագայ սաստկացման պատասխանատուութիւնը ինկած է ազրպէյճանական կողմին վրայ:
- 0 Comments
- 133 views
- Tweet
Email
Print



