Tuesday May 21, 2013

Նոր Բախումներ` Նահր Պարետի Մէջ, Իսկ Երեք Ժամուան Փակում` Օդակայանի Ճամբուն

By adminx - Tue Jun 19, 7:53 am

Նահր Պարետի մէջ երէկ կէսօրէ ետք կատարուած Ահմետ Քասեմի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին բախումներ արձանագրուեցան լիբանանեան բանակին եւ գաղթակայանին բնակչութեան միջեւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ մզկիթէն հիւանդատար ինքնաշարժներ պահանջելու կոչեր արձակելու:

Նահր Պարետի բախումներուն լոյսին տակ երէկ երեկոյեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն:

Քննարկուեցան գաղթակայանին իրադարձութիւնները եւ Նահր Պարետի կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու հեռանկարները:

Ապպաս շեշտեց, որ պաղեստինցի գաղթակայանները կը յարգեն լիբանանեան կանոնները եւ նախանձախնդիր են երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին:

Լիբանանեան բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ գաղթակայանի իր դիրքերէն մէկը  ենթարկուած է երիտասարդներու քարկոծումին, կրակոցին եւ թիրախ դարձած քոքթէյլ մոլոթով տիպի ռումբերուն, որոնք վիրաւորած են 3 զինուորներ:

Իրենց կարգին, գաղթակայանի «Հիլալ» հիւանդանոցի բժիշկները հաստատեցին, որ 16 – 17 տարեկան պատանիներ ենթարկուած են կրակոցի եւ ուղղակի իրենց գլուխներէն վիրաւորուած են:

Բանակին հաղորդագրութիւնը նկատել տուաւ, որ բանակը կը բանակցի Նահր Պարետի պատասխանատուներուն հետ` մեղմացնելու համար լարուած իրավիճակը:

Բանակը կոչ ուղղեց գաղթակայանի բնակիչներուն չդառնալու քաղաքական շահագործումի զոհերը եւ չլարուելու լիբանանեան բանակին դէմ:

Նահր Պարետի բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան 4 զոհեր եւ վիրաւորուեցան 40 ուրիշներ:

Նահր Պարետի մէջ արձանագրուած բախումները պատճառ դարձան նաեւ, որ Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երեկոյեան ժամը 8:00-էն ետք բողոքի ցոյցեր կատարուին, ինչպէս նաեւ Այն Հելուէի մուտքին զետեղուած լիբանանեան բանակի Թաամիրի անցարգելին դէմ քարկոծումներ կատարուին:

Այս ծիրին մէջ անհրաժեշտ է նշել նաեւ, որ Նահր Պարետի դէպքերուն հարցով արգելափակուած իսլամական բանտարկեալներուն թղթածրարին առումով դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ համաձայն գտնուեցաւ, որ 14 իսլամ արգելափակեալներ ազատ արձակուին` իւրաքանչիւրին ճշդելով 500 հազար լ. ոսկիի փրկագին մը:

Իսլամական արգելափակեալներու յանձնախումբի նախագահ շէյխ Նեպիլ Ռահիմ յայտարարեց նաեւ ազատ արձակուող արգելափակեալներն են Մոհամետ Խալետ, Ահմետ Սաֆարժալանի, Իպրահիմ Քպայթեր, Հիւսէյն Սահիուն, Ապտել Ռահման Պայտա, Ժալալ Մոտլեժ, Մոհամետ Ուեհպէ, Ահմետ Այուպի, Ժիհատ Քատի, Ահմետ Աքըր, Ահմետ Ահմետ, Մուսա Իսմայէլ, Մահմուտ Սէյֆ, Մունժետ Ֆահամ:

Օդակայանին Ճամբան Դարձեալ Փակուեցաւ

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներն ու հարազատները երէկ յետմիջօրէին բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող ճամբուն վրայ եւ փակեցին զայն` ահաւոր խճողում մը ստեղծելով դէպի օդակայան գացող մայրուղիին վրայ, ինչպէս նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ` նկատի ունենալով, որ Լիբանան ժամանած օդանաւերուն բոլոր ճամբորդները մնացին օդակայանին մէջ:

Նախորդ օրերուն նման մէկ կամ երկու ժամ տեւած բողոքի նստացոյցը երէկ հասաւ երեք ժամի:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին սկսած բողոքի նստացոյցը եւ ճամբան փակելու քայլը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, երբ առեւանգուած լիբանանցիներուն անունով խօսք առաւ շէյխ Ապպաս Զղէյպ, որ յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները որոշած են բանալ օդակայանին ճամբան` վերջ տալով իրենց նստացոյցին:

Շէյխ Զղէյպ յայտնեց, որ առեւանգեալներուն ընտանիքները իրաւունք ունին իմանալու իրենց հարազատներուն մասին եւ այս պատճառով է, որ անոնք կը փորձեն լիբանանեան պետութեան հարց տալ իրենց թղթածրարին մասին:

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան
Սարակները
Կը Շարունակեն Իրենց Շարժումը

Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները երէկ ընկերութեան 13-րդ  յարկին վրայ, ուր որ կը գտնուէր Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքի գրասենեակը, բախումներ ունեցան ընկերութիւն ժամանած անձնական ընկերութեանց ներկայացուցիչներուն հետ:

Սարակները յայտնեցին, որ իրենց եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն մը, որ անձնական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ Ելեկտրականութեան ընկերութիւն մուտք չեն գործեր մինչեւ 2 յուլիս:

Աւելի ուշ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնութիւնը մամուլին եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն տրամադրութեան տակ դրաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ ցոյց տրուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս սարակները ներխուժման ձեւով մուտք գործած են ընդհանուր տնօրէնութեան գրասենեակը:

Սարակները գրասենեակէն դուրս հանելու ընթացքին էր, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ անոնց միջեւ բախումներ տեղի ունեցան, ինչ որ մղեց սարակները փակելու ընկերութեան մայր դարպասը եւ քանդումի արարքներ գործելու:

Միւս կողմէ, սարակները, որոնք պատրաստ էին ուղղուելու շրջանները եւ նորոգութիւններ կատարելու, անակնկալի առջեւ գտնուեցան, երբ իմացան, թէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, թէ ընկերութիւնը պատասխանատու չէ ոեւէ սարակի, որ որեւէ աշխատանքի ընթացքին փորձանքի կամ արկածի կ՛ենթարկուի:

Բժիշկներու Սենտիքայի ԿեդրոնատեղիինՄէջ
Զօրակցական Հաւաք

Բժիշկներու սենտիքային կազմակերպութեամբ, երէկ Բժիշկներու տան մէջ տեղի ունեցաւ նստացոյց մը, որուն ընթացքին բժիշկները բողոք յայտնեցին  Մուսա Ապու Համատ անունով բժիշկ մը ձերբակալելու եւ զայն բանտարկելու դէմ:

Բժիշկները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին երկրին դատական իշխանութիւններուն` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն ապօրինի ձերբակալումները:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ բժիշկին անձեռնմխելիութիւնը օրինական է` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն բժիշկին ձերբակալումը:

Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն ժամանեց նստացոյցին վայրը` զօրակցութիւն յայտնելու բժիշկներուն, սակայն անոր արտասանած խօսքին ընթացքին բժիշկները նախատական խօսքեր ուղղեցին լրագրողներուն եւ տեղեկատուութեան մարզին դէմ, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ Աուն իր խօսքը կիսատ ձգելով լքէ նստացոյցին վայրը:

Էլիաս Աուն զարմանք յայտնեց այդ վարուելակերպին համար` նշելով, որ նման անարգական վարուելակերպ մը եկած է երկրին ընտրանիին` բժիշկներուն կողմէ:

«Մեզի համար զարմանալի է տեղեկատուութեան մարզին նկատմամբ այս ատելութիւնը եւ պատահարը կը նկատենք անքաղաքավար ու անպարկեշտ կեցուածք», ըսաւ Աուն:

Երեկոյեան Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Շարաֆ Ապու Շարաֆէն, որ ներում հայցեց Աունէն` Բժիշկներու տան մէջ արձանագրուած պատահարին համար:

Leave a Reply

Advertisement