Sunday May 26, 2013

Վեց Նոր Միաբաններ Կը Միանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան

By adminx - Tue Jun 19, 7:31 am

Կիրակի, 17 յունիս 2012-ին, հոգեւոր խանդավառութեան մթնոլորտ մը կը տիրէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ: Դպրեվանքի ութամեայ շրջանի աւարտական դասարանի վեց սարկաւագները սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին աբեղայ ձեռնադրուելով միացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան:

Շաբաթ, 16 յունիսի երեկոյեան, Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին հաւատքի խոստովանութիւն կատարուեցաւ: Հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին, ծէսին, աւանդութեանց եւ եկեղեցւոյ սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն հաւատարմութեան խոստում տալով` ընծայեալներ հրապարակաւ նզովեցին բոլոր` հին ու նոր ժամանակներու հերետիկոսները եւ տարբեր ուսուցումներով եկեղեցւոյ հաւատացեալները մոլորեցնող ուսուցիչները: Ապա, ժողովուրդին ներկայութեան, հրապարակաւ ծնրադիր ընթերցեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զինուորագրուելու իրենց նուիրական ուխտը:

Կիրակի օր, Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին հանդիսապետեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Սուրբ եւ անմահ պատարագն ու ձեռնադրութիւնը կատարեց դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան: Միւռոնով օծման պահուն, ձեռնադրիչ սրբազանը դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատը, աջ ու ձախ ձեռքերը` նոր անուն տալով անոնց իբրեւ նորոգուած` Աստուծոյ ծառայութեան ընծայուած նոր մարդ: Անուանակոչութեան պահուն Զոհրապ Աւ. սրկ. Աշըգեան վերանուանուեցաւ Տ. Տաճատ աբեղայ, Սամուէլ Աւ. սրկ. Լախոյեան` Տ. Նշան աբեղայ,  Յարութիւն Աւ. սրկ. Շէրնէզեան` Տ. Պարոյր աբեղայ, Յարութիւն Աւ. սրկ. Շխրտըմեան` Տ. Գարեգին աբեղայ, Գէորգ Աւ. սրկ. Սապունճեան` Տ. Սմբատ աբեղայ եւ Միքայէլ Աւ. սրկ. Սարգիսեան` Տ. Զարեհ աբեղայ:

Արամ Ա. կաթողիկոս նորօծ աբեղաներուն կ՛ուղղէ իր պատգամը՝ ձեռնադրութեան կնքահօր եւ կնքամօր՝ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեաններու եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութեան

Ձեռնադրիչ սրբազանը քարոզեց բնաբան ունենալով  Յովհաննու աւետարանի «Յիսուս կրկին ըսաւ անոնց. «Ողջո՛յն ձեզի: Ինչպէս որ Հայրս զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»» (Յհ. 20.21): Սրբազանը շնորհաւորեց վեհափառը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, նորընծաներուն ծնողներն ու կնքահայր-կնքամայրը` տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պեզիկեանները այս  առիթով: Իր խօսքը նորօծ հոգեւորականներուն ուղղելով ան ըսաւ. «Պիտի երթաք մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ ձեր աշխատանքին տենդով, ձեր անձին ընդօրինակելի պատկառանքով, ձեր նկարագիրին կնիքով եւ ձեր խօսքին ազդուութեամբ, ձեր հոգիին ցոլքը համոզումի ուժգնութեամբ պիտի ճառագայթէք ձեր շրջապատին մէջ` Աստուծոյ վրայ ձեր ունեցած անվերապահ վստահութեամբ հաստատելով Քրիստոսի խօսքը. «Կեանքը աւելի կարեւոր է, քան ուտելիքը եւ մարմինը աւելի կարեւոր` քան հագուստը» (Ղկ. 12.23)»: Ակնարկելով հայր սուրբերուն տրուած նոր անուններուն` սրբազանը անոնց ետին գտնուող խորհուրդին մասին ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին կազմաւորումով եւ մեր հայրապետական դարաւոր Ս. Աթոռին անթիլիասեան ժամանակակից վկայութեան հասարակաց յայտարարով իրարու ագուցուած: Աւետարանական լաւ հողին մէջ իյնալով պտուղ տուած սերմին նման են այս անունները (հմմտ. Մտ. 13.8), որոնք միայն առաքելութեան բեռով կը կրուին եւ այս  օրհնեալ պահէն սկսեալ ձեր անձին ծառայական ծիրով պայմանաւորուած են, երբ ձեր մէջէն մեր հայկականութեան ու հաւատքին մատաղ դարձած անուններ կը յառնեն ձեր նորոգեալ հոգիներուն մէջ, ձեզ ամէն բանէ առաջ հոգեւորական դարձնելով եւ ձեր հոգին կապելով հայուն աւանդական եւ քրիստոնէական ինքնութեան շղթային` հայկական, կիլիկեան եւ անթիլիասական մէկ եւ նոյն առաքելութեան շարունակականութեան գրաւականով, ականջալուր առաքեալին խրատին. «Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը բերին ձեզի: Նայեցէք, թէ ինչպէ՛ս ապրեցան եւ ինչպէ՛ս մեռան անոնք եւ օրինակ առէք անոնց հաւատքէն» (Եբր. 13.7)»:

Պատարագէն ետք նորընծաները բարձրացան վեհարան, ուր միաբանութեան ու ժողովուրդին ներկայութեան ստացան վեհափառին օրհնութիւնը: Իր խօսքին մէջ վեհափառը ըսաւ. «Ձեր ձեռնադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութիւնը կը վերանորոգուի ստանալով լայն ծաւալ ու առաւել կենսունակութիւն:

Առաքելութիւնը նուիրեալ ու յանձնառու առաքեալներով կը կատարուի: Այսօր որեւէ ժամանակէ աւելի մեր եկեղեցին, ժողովուրդը ու հայրենիքը հրամայական կարիքը ունին այնպիսի մարդոց, որոնք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով մասնակից դառնան մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան, մեր հայրենիքի հզօրացման ու մեր ազգին յաւերժացման»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. աթոռին առաքելութիւնը դարձած է բազմերես: Այդ առաքելութեան մէջ տիրական ներկայութիւն է բնականաբար մեր ազգին հոգեւոր կարիքները, սակայն անոնց առընթեր նաեւ ներկայութիւն են մեր մշակոյթը, հայ դպրոցը, Հայ դատը: Համապարփակ է այս աթոռին առաքելութիւնը: Ահա այսօր այդ առաքելութեան լծուած մեր հոգեւոր բանակին կու գան միանալու վեց նոր զինուորներ»: Ապա վեհափառին «Պահպանիչ»-էն ետք, Մայր տաճարի դասին մէջ ներկայ հաւատացեալները մօտեցան նորընծաներուն` աջահամբոյրով  ստանալու համար անոնց առաջին օրհնութիւնը:

Leave a Reply

Advertisement