«Կրօններու, Մշակոյթներու Եւ Ազգերու Գոյակցութիւնը Հրամայական Է Համաշխարհայնացած Աշխարհին Մէջ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
By adminx - Tue Jun 19, 7:28 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ առաւօտ Պէյրութի մէջ բացումը կատարուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումարին: Սոյն համագումարը կազմակերպուած է Վատիկանի միջկրօնական բաժանմունքի (ղեկավարութեամբ կարտինալ Ժան-Լուի Թորանի), Իրանի միջիսլամական բաժանմունքի (ղեկավարութեամբ այաթոլլահ Մոհամետ Թասխիրիի), հիւսիսային Լիբանանի սիւննի միջկրօնական հաստատութեան (ղեկավարութեամբ շէյխ Մալիք Շաարի) եւ Միացեալ Նահանգներու անկլիքան եկեղեցւոյ (ղեկավարութեամբ Ճոն Ռայսըն Շէյն եպիսկոպոսին):
Համագումարին ընդհանուր բնաբանն էր «Ինչպէ՞ս կրնան քրիստոնեաներ եւ իսլամներ միասնաբար արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատել բռնութեամբ լեցուն եւ փոփոխութեան ենթակայ աշխարհին մէջ»: Համագումարի բացման նիստին խօսք առաւ Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ: Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը` ուղղուած համագումարին, կարդացուեցաւ Կոմիտաս արք. Օհանեանի կողմէ: Իր խօսքին մէջ, վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը. «Առաջին, ողջունելի է քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան նուիրուած ոեւէ նախաձեռնութիւն: Ներկայ աշխարհին մէջ միջկրօնական գործակցութիւնը դարձած է հրամայական. իսկ այս ծիրին մէջ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը դարձած է անմիջական: Երկու կրօնները հասարակաց նոյն արմատները ունին, իբրեւ միաստուածեան կրօններ, հասարակաց նոյն արժէքները ունին: Հետեւաբար, պէտք է մեր հասարակաց արժէքները, սկզբունքները եւ ճշմարտութիւնները աւելի ամրապնդենք: Միաժամանակ քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը իրենց տարբերութիւնները ունին: Պէտք է այդ տարբերութիւնները լաւ ճանչնանք ու փոխադարձ ճանաչումով եւ յարգանքով պէտք է կազմակերպենք մեր յարաբերութիւնը, գործակցութիւնն ու գոյակցութիւնը:
Երկրորդ, ներկայ համագումարին ետին կը գտնուին անձնաւորութիւններ ու ոմանք նոյնիսկ` գործակից: Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը իմ հոգեւոր առաքելութեանս ու միջեկեղեցական գործունէութեանս կարեւոր մարզերէն մէկը եղած է ու կը մնայ: Ոչ միայն նման նախաձեռնութիւններու մասնակից դարձած ենք միջազգային թէ շրջանային մակարդակներու վրայ, այլ նաեւ հաւատացած ենք ու կը հաւատանք, որ անհրաժեշտ է այլեւս ոչ միայն քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեան մասին խօսիլ, այլ` գործակցութեան: Եւ աւելին` գործակցութիւնը հարկ է իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտնէ խաղաղ ու ներդաշնակ գոյակցութեամբ: Կրօններու, մշակոյթներու եւ ազգերու գոյակցութիւնը հրամայական է ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ: Լիբանանը գոյակցութեան տիպար երկիր մըն է: Մեր տարբերութիւնները պէտք է ընդունինք ու յարգենք. միաժամանակ ընդհանրական մտահոգութիւններու եւ մարտահրաւէրներու նկատմամբ պէտք է գործակցինք ու հաւաքական կեցուածքներ ճշդենք:
Երրորդ, համագումարին իբրեւ նիւթ ընտրած էք այն, թէ ինչպէ՞ս քրիստոնեաներ ու իսլամներ կրնան միասնաբար աշխատիլ արդարութեան եւ խաղաղութեան համար: Ուրախ ենք, որ նախ արդարութիւնը կը յիշուի եւ ապա` խաղաղութիւնը, որովհետեւ չկայ ճշմարիտ ու ամբողջական խաղաղութիւն առանց արդարութեան: Խաղաղութիւնը պատերազմի բացակայութիւնը չէ. խաղաղութիւնը արդարութեան ներկայութիւնն է: Քրիստոնէական աստուածաբանութեան համաձայն, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը աստուածային պարգեւներ են` տրուած մարդուն: Հետեւաբար, արդարութիւն չկատարելը, խաղաղութիւնը մերժելը մեղք են Աստուծոյ նկատմամբ: Արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւները ըլլալով հանդերձ, նաեւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած առաքելութիւն են: Մարդը կոչուած է արդարութեան ու խաղաղութեան համար աշխատելու հոն, ուր անոնք բացակայ են: Ընդհանուր գիծերով նաեւ այս է մօտեցումը իսլամութեան: Հետեւաբար, այս ուղղութեամբ երկու միաստուածեան կրօններուն միջեւ գործակցութիւնը ոչ միայն բնական է, այլեւ` անհրաժեշտ, մանաւանդ ներկայ աշխարհին մէջ, ուր փոխան արդարութեան ու խաղաղութեան կը տիրեն բռնութիւնը, մարդկային իրաւունքներու անտեսումը եւ կրօնական ու բարոյական արժէքներու նահանջը»:
Համագումարը պիտի տեւէ երկու օր եւ անոր աւարտին քրիստոնեայ-իսլամ միացեալ կոչ մը պիտի հրապարակուի:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print



