Հայ Ընտանիքի Օր` Զմմառու Վանքին Մէջ
By adminx - Tue Jun 19, 7:22 am
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print
Կիրակի, 17 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն 16:00, Զմմառի «Վերափոխեալ Տիրամայր» հայավանքին մէջ, Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին ընտանիքի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Միասնաբար տօնենք հայ ընտանիքի օրը» նախաձեռնութիւնը: Հայ կաթողիկէ բոլոր ժողովրդապետութիւններէն մօտ 800 հոգի` այրեր, կիներ եւ երեխաներ, հոգեւոր եւ շինիչ մթնոլորտի մէջ անցուցին իրենց օրը, Աստուածամօր շուքին ներքոյ: Սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Կռունկ» երգչախումբի մասնակցութեամբ: Գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մըն ալ ճոխացուց այս յիշատակելի օրը:
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print



