Wednesday Jun 19, 2013

Ակնարկ. ԵԱՀԿ-ի Նոր Մօտեցումը

By adminx - Sat Jun 16, 7:52 am

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը ի պատասխան Պաքու գտնուող ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Էյմոն Կիլմորի առաջարկին` հեռացնել արձակազէնները հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտիէն, յայտարարած է. «Մենք պատրաստ ենք հեռացնել արձակազէնները, եթէ Հայաստանը հեռացնէ իր զինուած ուժերը Ազրպէյճանի գրաւուած տարածքներէն»:

Պաշտօնական Պաքուի այս կեցուածքը ինքնախոստովանանքի ամենալաւ բանաձեւն է, որ հայկական դիւանագիտութիւնը պարտի լիարժէք օգտագործել: Մինչ Պաքուի արտաքին գործոց նախարարին հաստատումը մեկնաբանելը, շատ արագ կեդրոնանանք ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահին օգտագործած բառակապակցութիւններուն վրայ: «Հայ-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտի», ուր տեղակայուած են ազրպէյճանցի արձակազէնները, որոնց հեռանալու պահանջ կը ներկայացնէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը: Չմոռնանք, որ միջազգային ընտանիքը համաձայնած է ԵԱՀԿ-ին յանձնել հակամարտութեան լուծման համար միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելը: Ա՛յս է փաստօրէն ընդունուած ձեւաչափը բանակցութիւնները վարելու եւ համաձայնութեան յանգելու համար: Ուրեմն, օրինաւորապէս միջնորդի դեր ստանձնած կառոյցի գործող ղեկավարն է, որ նման պահանջ կը դնէ Պաքուի դիմաց:

Միեւնոյն պահանջը հայկական կողմին չդնելով, փաստօրէն ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը մատնացոյց կ՛ընէ յարձակողապաշտ կողմը, հրադադար խախտողը: Երեւոյթը հազուագիւտ այն պարագաներէն է,  երբ կը խախտի հրադադարի խախտումի պատասխանատուութեան հաւասար բաշխումի միջազգային ոչ արդար մօտեցումը:

Հետաքրքրական է, որ հրադադարի վերջին տարողունակ խախտումներէն ետք է, որ ԵԱՀԿ-ի ղեկավարը նման պահանջ կը դնէ Պաքուին: Պահենք դէպքերու իրերայաջորդութեան տրամաբանութիւնը: Հրադադարի արտակարգ խախտումները «զուգադիպեցան» Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի շրջան այցելութեան: Նախարար Քլինթըն պահեց վերը նշուած պատասխանատուութեան հաւասարութեան մօտեցումը եւ առանց մատնացոյց ընելու յարձակողականութեան աչքի ինկող կողմը, կացութիւնը օգտագործեց յայտարարելու համար, որ անկանխատեսելի հետեւանքներու կրնան յանգեցնել նման ընդհարումները եւ թէ նոր մօտեցումներ պիտի յայտնուին փարիզեան բանակցութիւններուն:

Հիմա ԵԱՀԿ-ի գնահատականը կատարուածին բաւական տարբեր երանգներ ունի տիկին նախարարի արտայայտած միտքերէն: Այստեղ յստակ է պահանջը եւ յստակ է մանաւանդ մեղադրուող կողմը: Տակաւին, Էյմոն Կիլմորը որեւէ ձեւով պահանջ չի դներ հայկական կողմին` հեռանալու «օկուպացուած» տարածքներէն. մինչ նոյն տիկին Քլինթընի ղեկավարած արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումը սեւով ճերմակի վրայ նման առաւելապաշտութեան միակողմանի կոչեր կ՛արձակէր:

Նախարար Մամետեարովն է, որ ինքնածուղակ լարած եւ հոն սայթաքած է, երբ ազրպէյճանցի արձակազէններու հեռանալու պահանջին դիմաց կը խօսի հայկական զօրքերու հեռացման մասին: Հաւասարեցման մօտեցումը լուռ կերպով կը հասկցնէր, որ երկկողմանի արձակազէններ շփման գիծին վրայ փոխադարձ ոտնձգութիւններ կը կատարէին եւ երկկողմանիօրէն հրադադար կը խախտէին: Հիմա Պաքուն ի՛նքն է, որ կը խոստովանի, թէ իր տեղակայած արձակազէնները պիտի շարունակեն իրենց յարձակողականութիւնը, հրադադարի խախտումը, միջազգային համաձայնագրեր անտեսելը, այնքան ատեն, որ հայկական զօրքերը չեն հեռացած: Մէկ կողմէ, արձակազինային գործողութիւններ են, միւս կողմէ` հայկական տարածքները վերահսկող բանակներ, որոնք կը հակազդեն ջոկատային պարագայական գործողութիւններու կամ կը չէզոքացնեն արձակազինային կէտեր: Այսքան պարզ:

Մինչեւ Միացեալ Նահանգներու նոր մօտեցումներ իմանալը, մենք փաստօրէն իմացանք ԵԱՀԿ-ի նոր մօտեցումը:

«Ա.»

Leave a Reply

Advertisement