Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարազատները
By adminx - Sat Jun 16, 7:47 am
- 0 Comments
- 74 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Ալի Ամմարի եւ Ղազի Զաայթերի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով ընթացող բանակցութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման յայտնեց, թէ ինք արաբ եւ թուրք պատասխանատուներէ երաշխիքներ ստացած է առեւանգուողներուն ողջ առողջ ըլլալուն եւ զանոնք ազատ արձակելու առումով:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Քարամ Քարամ եւ Եուսեֆ Սալամէ, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխաններ Մըսպահ Ահտապը եւ Ասաատ Հարմուշը, որոնց հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակը, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնն ու զինուորական ուժերուն կողմէ որդեգրուող ապահովական միջոցառումները:
Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի իր կարգին այցելեց Պաապտա, ուր քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի ծովային եւ ցամաքային սահմաններուն ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
- 0 Comments
- 74 views
- Tweet
Email
Print




