Նախարար Սապունճեան Հովանաւորեց «Պի. Էյ. Եու.»-ի Եւ Ճարտարարուեստի Մարզին Միջեւ Համաձայնագիրին Ստորագրութիւնը
By adminx - Sat Jun 16, 7:38 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ հովանաւորեց Պէյրութի արաբական համալսարանին («Պի. Էյ. Եու.») եւ Ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող հետազօտութիւններու հիմնարկին միջեւ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը` ներկայութեամբ «Պի. Էյ. Եու.»-ի նախագահ Ժալալ Ատաուիի, Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի, Ճարտարարուեստի հետազօտութեանց ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ Հասան Շերիֆի եւ բարձրաստիճան այլ անձնաւորութիւններու:
Նախարար Սապունճեան դրուատեց այլ համալսարաններու հետ ստորագրուած այդ համաձայնագիրին արձանագրած յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ նախարարութեան կատարած այս աշխատանքը կը միտի փայլուն ապագայ մը ապահովել Լիբանանին: Ան շեշտեց, որ այս համաձայնագիրները քաղաքացիներուն հաստատ աշխատանքներ պիտի ապահովեն:
Վ. Սապունճեան անհրաժեշտ նկատեց աւելի մեծ թիւով համալսարաններ միացնել այդ ծրագիրին:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print




