«Մենք Երկխօսութիւնը Նկատած Ենք Եւ Կը Նկատենք Լիբանանի Հարցերու Լուծման Միակ Միջոցը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի
By adminx - Fri Jun 15, 7:57 am
- 0 Comments
- 261 views
- Tweet
Email
Print
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ առաւօտեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յատկապէս Ազգային երկխօսութեան նիստին վերաբերող զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին եւ արձանագրուած դատավարութիւններուն:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ արդարութեան պարագային կարելի չէ երկու չափ երկու կշիռի մօտեցում ցուցաբերել: «Անհրաժեշտ է ըլլալ արդար, որովհետեւ արտակարգ դրութեան մը ստեղծումը մշուշ մը կը գծէ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ինք համոզուած է, որ Միջազգային դատական ատեանին հիմնումը օրինական դուրս պիտի գայ:
«Նման դատական ատեաններ քաղաքական որոշումով է, որ կը հիմնուին: Լիբանանցիները համաձայն էին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան համար նման ատեան մը հիմնելու, սակայն անոնք կը մերժէին այդ ատեանին որդեգրելիք օրէնքը: Դժբախտաբար այդ ատեանին աշխատանքը քաղաքականացաւ եւ ցաւ ի սիրտ կ՛ըսեմ, որ այդ ատեանին վճիռը արդար պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:
Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին սուտ վկաներու թղթածրարին քննարկումը եւս արծարծուած է` աւելցնելով, որ նկատի ունենալով վարչապետ Միքաթիի այն կեցուածքը, որ այդ հարցին շուրջ համախոհութիւն պէտք է գոյանայ, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ առաջարկած է ընդդիմութեան կեցուածք յայտարարել այդ գծով, սակայն դժբախտաբար ընդդիմութեան ներկայացուցիչները լուռ մնացած են:
«Ինչպէս Միջազգային դատական ատեանին շուրջ, նոյնպէս ալ սուտ վկաներուն թղթածրարին շուրջ պէտք է ազգային համախոհութիւն գոյացնել, բայց դժբախտաբար այդ համախոհութիւնը կարելի կ՛ըլլայ գոյացնել միայն սկզբունքային մակարդակով եւ ոչ գործադրութեան առումով», նշեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք Ազգային երկխօսութեան բոլոր նիստերուն իր մասնակցութիւնը բերած է, սակայն իրեն համար վերջին նիստը եղած է ամէնէն յաջողը, որովհետեւ նիստին ընթացքին յստակ համախոհութիւն գոյացաւ` Լիբանանի մէջ անջատման գօտիի մը ստեղծումը մերժելու, Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը մերժելու, լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կարմիր գիծ ըլլալուն եւ Լիբանանի սահմաններուն պաշտպանութեան շուրջ:
«Պաապտայի յայտարարութիւնը հրապարակուեցաւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութեամբ եւ այդ յայտարարութիւնը իբրեւ ուխտ փոխանցուեցաւ Արաբական լիկային ու ՄԱԿ-ին, սակայն կարեւորագոյնը կը մնայ այդ ուխտին գործադրութիւնը», շեշտեց ան:
Այս ուխտը գործադրելու շրջագիծին մէջ, Յ. Բագրատունի մերժելի նկատեց կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը շրջանցելու եւ միջազգային ուժեր պահանջելու նախաձեռնութիւնը: «Այդ ձեւով ես քաղաքացիին ըսած կ՛ըլլամ, որ ես վստահութիւն չունիմ այդ ուժերուն նկատմամբ: Մենք նման յայտարարութիւններով երկիրը կը քանդենք: Հետեւաբար կառավարութիւնը պէտք է գործնական քայլերու դիմէ` Պաապտայի ուխտին գործադրութեան ի խնդիր», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի միջեւ արձանագրուած բանավէճին` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նման նիստերու ընթացքին կ՛արձանագրուին նման սուր յայտարարութիւններ:
«Երեսփոխան Ռաատ Մուսթաքպալը ամբաստանեց Սուրիոյ ընդդիմութեան զէնք տրամադրելու յանցանքով, իսկ Սինիորա կտրականապէս մերժեց այդ մէկը` շեշտելով, որ իրենք ոչ մէկ կապ ունին զէնքին հետ: Իսկ Մուսթաքպալ հոսանքի գտնուած շրջաններուն մէջ զէնքի երեւոյթին մասին նիստին ներկաներուն ակնարկութիւններուն պատասխանելով` Սինիորա ըսաւ, որ իրենք այդ զէնքը չեն հովանաւորեր եւ թէ անիկա լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Ան աւելցուց, որ առաւելագոյն չափով անարդար է երեսփոխան Ռաատի վերագրել այն յայտարարութիւնը, թէ ան երկխօսութեան նիստին ընթացքին քաղաքացիական պատերազմի սպառնալիք ուղղած է:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ անարդար է այդպէս ըսել, որովհետեւ հաժ Ռաատ ըսել ուզեց, որ մենք անդունդին եզրին կը գտնուինք եւ կրնանք գլորիլ: «Նոյն կացութեան մասին անդրադարձ կատարեցի նաեւ ես, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ: Բայց մեր բոլորին յայտարարութիւնները մեկնաբանութիւններ էին եւ ոչ թէ սպառնալիքներ», նշեց ան:
Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն առաջին օրէն իսկ երկխօսութիւնը միակ միջոցը նկատած է` լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելու: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն լիբանանահայութիւնը որդեգրած է դրական չէզոքութիւնը, զոր պէտք է կոչել յանձնառու չէզոքութիւն, այսինքն` պաշտպանել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ազգային միասնականութիւնը:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ նիստին ընթացքին ինք շեշտած է նաեւ շրջանային իրադարձութիւններէն Լիբանանի չէզոք մնալուն անհրաժեշտութիւնը եւ խստիւ դատապարտած երկրին ընկերային հարցերը քաղաքականացնելու արարքը` աւելցնելով, որ այդ հարցերը ե՛ւ Մարտ 14-ին, ե՛ւ Մարտ 8-ին համար են:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն թղթածրարը չքննարկուեցաւ:
- 0 Comments
- 261 views
- Tweet
Email
Print



