«Սիվիլիթաս»-ը Կարեւոր Է Մեզի Համար» Կ՛ըսէ Ճոն Հեֆըրն
By adminx - Fri Jun 15, 7:56 am
- 0 Comments
- 222 views
- Tweet
Email
Print
«Այն փաստը, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի դէմ քրէական գործ կը յարուցուի քաղաքական այս ժամանակահատուածին մէջ, անհանգստացնող է», երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պիտի գնահատէր Վարդան Օսկանեանի յայտարարութիւնը, թէ Ազգային Անվտանգութեան ծառայութեան յարուցուած գործի ետին յստակ քաղաքական պատուէր կայ:
«Սիվիլիթաս»-ը կարեւոր է մեզի համար, եւ մենք շատ հետաքրքրուած ենք այս գործով», աւելցուց դեսպանը` նշելով, սակայն, որ տեղեակ չէ` «ի՛նչ դրամներ են, ո՛ւր գացած են, եւ ո՛վ որուն ինչ ըրած է»:
Ճոն Հեֆըրն երէկ այցելեց «Սիվիլիթաս» հիմնադրամ` տեղեկանալու համար խնդիրի մանրամասնութիւններուն:
- 0 Comments
- 222 views
- Tweet
Email
Print




