Tuesday Jun 18, 2013

Հայաստանի Մէջ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարուին

By adminx - Fri Jun 15, 7:55 am

Նախարար Սէյրան Օհանեան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ յայտարարեց, որ 2012 թուականին Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ զինեալ ուժերու պատրաստութեան ծրագիրի համաձայն` Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենան ռազմափորձեր:

Ան նշեց, որ առաջինը «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» ռազմափորձն է` արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու կիրառումով, եւ անոր խորապատկերին վրայ` նաեւ զինեալ ուժերու կիրառման համար ռազմավարական հրամանատարային-սպայական ռազմափորձը, որուն առաջին փուլը, ըստ նախարարին, ռազմաքաղաքական է, որուն մէջ ընդգրկուած են բոլոր պետական մարմիններու ներկայացուցիչները, ներառեալ` Անվտանգութեան խորհուրդը:

Ռազմաքաղաքական հանգրուանը տեղի կ՛ունենայ 25-27 յունիսին` «Ռազմապետական ղեկավարման համակարգի ծաւալումը պատերազմական իրավիճակներուն մէջ եւ յարձակումին ետ մղման հիմնական նախաձեռնութիւններու կազմակերպում» նիւթով:

Նախարարը բոլոր ղեկավար մարմիններէն խնդրեց նախապատրաստուելու համար համապատասխան ցուցմունքներ տալ, ինչ որ ըստ անոր Հայաստանը պիտի բերէ բարձր մարտական պատրաստութեան:

«Պիտի նախապատրաստենք համապատասխան հրամանագիրներ` ռազմական դրութեան բերման, զօրահաւաքի կայացման, յարձակումի դիմագրաւման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահի դիմումը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ղեկավարութեան` մեզի աջակցելու համար», նշեց Ս. Օհանեան:

 

Leave a Reply

Advertisement