Wednesday May 22, 2013

Արսալի Մէջ Լիբանանցի Քաղաքացի Մը Կ՛Առեւանգուի Եւ Ժամեր Ետք Ազատ Կ՛Արձակուի

By adminx - Thu Jun 14, 7:49 am

Սուրիական ուժերը երէկ Արսալի մէջ առեւանգեցին Մոհամետ Խալետ Հուժէյրի անունով քաղաքացի մը, որ իր տան պարտէզին մէջ կեռաս կը քաղէր:

Սակայն բաղդատած նախորդ առեւանգումի դէպքերուն, Հուժէյրիի առեւանգումը տեւեց միայն քանի մը ժամ, ապա ան յանձնուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ վերադարձաւ իր բնակարանը:

Արսալէն ոչ շատ հեռու Հըլմիէ շրջանին մէջ հրկիզուեցաւ Արսալի քաղաքապետին` Ալի Հուժէյրիի բնակարանը:

Վերջինս յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը հասած է Արսալ, եւ իրենք կը սպասեն բանակին որդեգրելիք քայլերուն եւ ապահովական միջոցառումներուն` աւելցնելով, որ ինք նշմարած է, թէ սուրիական բանակի զինուորներ մուտք գործած են իր բնակարանը եւ զայն հրկիզած:

Արսալի քաղաքապետը նաեւ նկատել տուաւ, որ այդ արարքը իրենց ուղղուած քաղաքական պատգամ մըն է` Սուրիոյ նկատմամբ իրենց որդեգրած դիրքորոշումին համար:

«Սակայն այդ արարքները ոչ մէկ ձեւով կրնան ազդել Սուրիոյ յեղափոխականներուն նկատմամբ մեր որդեգրած զօրակցական կեցուածքին վրայ», ըսաւ Հուժէյրի:

Այս շրջագիծին մէջ, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեցին երկրին արեւելեան սահմաններէն սուրիական բանակին կատարած սահմանային յարձակումներուն եւ ոտնձգութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արսալի քաղաքապետին բնակարանին հրկիզումին:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը շեշտեցին, որ Արսալ Լիբանանի պաշտպանութեան համար բազմաթիւ զոհողութիւններ կատարած է եւ այսօր ան արժանապատիւ գործ կը տանի` Սուրիայէն Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութիւն տրամադրելու առումով:

Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր Լիբանանի մէջ սուրիական դեսպանատունը ամբաստանեց լիբանանցիներուն առեւանգումները կազմակերպելու եւ գործադրելու յանցանքով:

Անկախ ապահովական այս խախտումներէն եւ ամէնօրեայ դրութեամբ գործադրուող առեւանգումներէն, երէկ երեկոյեան յստակ դարձաւ, որ նախագահական պալատին մէջ այսօր առաւօտեան տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստը յետաձգուած է յետմիջօրէին: Կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը այդ նիստին ընթացքին քննարկէ պետական գանձարկղէն 10 միլիառ լ. ոսկիի առ հաշիւ գումար մը ստանալու մանրամասնութիւնները:

Նշենք նաեւ, որ երէկ երեկոյեան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քուրայի մէջ յոյն ուղղափառ համայնքի ներկայացուցիչի համար խորհրդարանական մասնակի ընտրութիւններուն առիթով առաջադրեց Ֆատի Ապտալլա Քարամի թեկնածութիւնը:

Leave a Reply

Advertisement