Thursday May 23, 2013

Միջազգային Դատական Ատեանի Հիմնումին Օրինականութիւնը` Կասկածի Տակ

By adminx - Thu Jun 14, 7:43 am

Լա Հէյի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նիստ մը` այդ ատեանին հիմնումին օրինականութեան մասին:

Դատավարութեան ընթացքին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած Մուսթաֆա Պատրէտտինի, Սելիմ Այեաշի, Հիւսէյն Օնէյսիի եւ Ասատ Սապրայի պաշտպան փաստաբանները կասկածի տակ առին այդ ատեանին հիմնադրութեան օրինականութիւնը:

Պաշտպան փաստաբանները պահանջեցին ընդունիլ եւ յայտարարել, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը հիմնուած է ապօրինի ձեւերով, Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելով, արդարութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներուն խախտումով: Անոնք շեշտեցին, որ 14 փետրուար 2005-ի պայթումին եւ անոր առնչուած այլ թղթածրարներուն դատավարութիւնը կը մնայ լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն արդար իրաւունքը:

Պաշտպան փաստաբանները հարց տուին, որ ինչպէ՛ս կարելի է ընդունիլ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեան մը, որ կազմուած է առանց որ Լիբանանի նախագահն ու խորհրդարանը համաձայնած ըլլան անոր հիմնումին:

Անոնք յայտնեցին նաեւ, որ իրենք փորձած են գտնել Միջազգային դատական ատեանը հիմնելու յատուկ փաստաթուղթերը, որոնց մեծ մասը անգտանելի են:

 

Leave a Reply

Advertisement