Thursday May 16, 2013

Արտերկրի Ֆրանսացիներու Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Թեկնածու Ալեն Մարսօ Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

By adminx - Thu Jun 14, 7:58 am

Ֆրանսական Միութիւն յանուն ժողովրդային շարժումի կուսակցութեան խորհրդարանական ընտրութիւններու Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի արտերկրի ֆրանսացիներու թեկնածու Ալեն Մարսօ երէկ այցելեց ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի հետ:

Հանդիպումի աւարտին Մարսօ յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն դիմագրաւած հասարակաց հարցերը, ընդհանուր անդրադարձ կատարուած է Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու նախաձեռնութեան պատճառով յառաջացած հարցին:

Ան այդ հարցը «զգացումներ գրգռող» նկատեց` նշելով, որ Ֆրանսա առաջին երկիրներէն էր, որ արծարծեց այս հարցը, որ կը վերաբերի Ֆրանսայի մէջ բնակող մեծաթիւ հայ համայնքին:

Մարսօ համոզում յայտնեց, որ այս առումով նոր նախաձեռնութիւններու պիտի ձեռնարկուին, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն ճանաչումի արժանանայ, այլ նաեւ ժխտումի պարագային «խիղճերը զինակոչի ենթարկուին»:

Leave a Reply

Advertisement