«Բագին» Գրական Հանդէսի Ընթերցման Հանդիպումներուն Ծիրին Մէջ. Գրողներու Համագումարի Եւ «Գրական Սփիւռք» Հատորի Մասին Տպաւորութիւններու Արծարծում
By adminx - Thu Jun 14, 7:20 am
- 0 Comments
- 54 views
- Tweet
Email
Print
Տարիներէ ի վեր ամսական հերթականութեամբ շարունակուող գրական ընթերցումի հաճելի մթնոլորտին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 13 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի ընթերցասրահին մէջ անգամ մը եւս համախմբուեցան երէց թէ երիտասարդ գրողներ ու գրասէրներ:
Հակառակ նախորդ ընթերցման հանդիպումներու նիւթին` այս անգամ արծարծուեցան մէկէ աւելի նիւթեր, որոնց առանցքային թեման գրողն ու գրականութիւնն էր: Այսպէս, քննարկուեցան Հայաստանի գրողներու միութեան համագումարները եւ յատուկ հատորով 2011-ին լոյս տեսած` «Գրական-սփիւռք» տարեգիրքի 2-րդ թիւը:
Այս առիթով խօսք առին «Բագին» գրական հանդէսի խմբագիր Յակոբ Պալեան, լիբանանահայ մտաւորական Ժիրայր Դանիէլեան եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան:
Նախ եւ առաջ խօսք առաւ Յակոբ Պալեան, որ յայտնեց, թէ այս հանդիպումին դասախօսութիւն չէ որ պիտի ներկայացուի, այլ զրոյց մը` Հայ գրողներու համագումարին շուրջ: Այս գծով եղան դրական թէ ժխտական արժեւորումներ: Դրական, որ համագումարը ի մի համախմբած է հայրենի թէ սփիւռքահայ զանազան գաղութներու գրողներ: Դրական նաեւ, որովհետեւ զարկ կու տայ հայրենիք – սփիւռք կապերու ամրապնդման:
Բանախօսները, որոնք գրեթէ բոլոր համագումարներուն ներկայ եղած են, հակիրճ բաղդատական մը կատարեցին Հայ գրողներու 6 համաժողովներուն միջեւ, որոնք մեծ մասամբ հայրենիքի ու Լիբանանի (Անթիլիաս) մէջ գումարուած են, 2002-էն 2010-ի միջեւ: Համագումարներու բացասական կողմերուն անդրադառնալով` բանախօսները հիմնականին մէջ թերացում նկատեցին համագումարներու յատկապէս վերջինին` 6-րդի կազմակերպական եւ ներկայութեան պատկերներուն մէջ: Անիկա աւելի յատկացուած էր հայ տպագրութեան 500-ամեակի հանդիսութեան ու տօնախմբութեան, քան գրական-մտաւորական մասնագիտական քննարկումի:
Ներկայութեան գծով բանախօսները նշեցին յատկապէս հայրենի գրողներու, մանաւանդ` համագումարի 21 անդամներէ բաղկացած նախագահութեան կազմին բացակայութիւնը: Ըստ անոնց, աշխատանքին հիմնական բաժինը բեռցուած էր Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի ուսերուն:
Սարգիս Կիրակոսեան, որ ներկայ եղած է վեց համաժողովներուն ալ, իր կատարած դրական մատնանշումներուն կողքին շեշտեց յատկապէս վերջին` 6-րդ համաժողովի որոշ թերութիւնները, ուր համաժողովը իր ծրագիրով իսկ ձախողած էր, քանի առաւելաբար տօնախմբութեան յատկացուած էր:
Յակոբ Պալեան յայտնեց, որ եթէ այս ընթացքով շարունակուի, այս համագումարները կը վերածուին սիրողականի: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ որոշում տուող կազմին մէջ սփիւռքահայ գրողներու բացակայութիւնը զգալի էր:
Սարգիս Կիրակոսեան այս գծով յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային հաւանաբար սփիւռքահայ գրողներ մաս կազմեն որոշում տուող մարմիններուն: «Ես կը հաւատամ կազմակերպուած աշխատանքի, որուն ընդմէջէն նախօրօք ե-նամակներու թէ հաղորդակցութեան այլ միջոցներով սփիւռքահայ գրողներ տեղեակ պահուին համաժողովին արծարծուելիք օրակարգի կէտերէն եւ ըստ այնմ դասաւորուին նիւթերը», ըսաւ Կիրակոսեան:
Իր կարգին, Ժիրայր Դանիէլեան «ցաւալի» նկատեց երեւոյթը` նշելով, որ ընդհանուր անտարբերութիւն եւ նահանջ կայ գրողներուն մօտ: «Համագումարին կը մասնակցին եւ յանկարծ «դասապահ ունին կամ այլ ժամադրութեամբ կապուած են» ըսելով համաժողովը լքելով կ՛երթան», դիտել տուաւ Դանիէլեան` աւելցնելով, որ նախորդ համագումարներուն երկու մեծ պասեր լրիւ կազմով կու գային մասնակցելու համագումարին, այսինքն` առնուազն 50 գրողներ, հայրենի զանազան շրջաններէն կը մասնակցէին համաժողովներուն: Երեւոյթ մը, որ վերջին համաժողովին չկար: Դանիէլեան աւելցուց, որ Լիբանանահայ գրողներու համախմբումը համագումար մը պիտի գումարէ, ուր գլխաւոր մէկ օրակարգ պիտի արծարծուի` Հայաստանի գրողներու միութեան համագումարը իր դրական թէ բացասական կողմերով, եւ տեսակէտները բանաձեւուելով պիտի յղուին Հայաստանի գրողներու միութեան:
«Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ փոխանակ Սահմանադրական դատարան այցելելու, քննարկում կատարուէր հայ գիրքի այժմու իրավիճակին, անոր սպառնացող մարտահրաւէրներուն, թարգմանութեան եւ այլ առնչակից հարցերու մասին», ընդգծեց Կիրակոսեան:
Յակոբ Պալեան նկատել տուաւ դիւանակալական բացը, ուր հարցերը օրակարգի դրութեամբ չէին արծարծուեր, այլ միայն կը ձայնագրուէին: Օրինակ` նախորդներէն 4-րդ համաժողովին նման աշխատանիստերու դրութիւն չկար վերջին համաժողովին: Ան յայտնեց, որ սփիւռքէն եւս գրողներ բացակայ էին, բայց յարգելի պատճառներով` գործի բերումով կամ նիւթական պատճառներով: Մինչ հայրենի գրողներ եթէ համագումարի մասնակցելու ըլլան, իրաւունք ունին արձակուրդ առնելու, եւ պետութիւնը զիրենք փոխարինող դասատուներ կ՛ապահովէ (համալսարաններուն մէջ): Պալեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Հայաստանի գրողներու միութեան համագումարը պետական օժանդակութեան կը կարօտի, այլապէս կրնայ սիրողականի վերածուիլ:
Ան նաեւ անհրաժեշտ նկատեց թարգմանական կեդրոնի մը հիմնումը եւ հրատարակուած գիրքերու փոխադրութեան հարցը: Պալեան նաեւ ցաւով նկատեց, որ նախապէս հայ գրողներու գործերը օտար լեզուներու կը թարգմանուէին օտարներուն ծանօթացնելու համար: Մինչդեռ ներկայիս ատիկա կը կատարուի ներքին սպառումի, օտարախօս, հայերէն չգիտցող հայերու համար: Անդրադառնալով Հայաստանի գրողներու միութեան համագումարի մթնոլորտին` «գրական քննադատութենէն, քննարկումէ աւելի գրախօսական է, որ կ՛ըլլար գրականութիւն ըսելով», ընդգծեց Պալեան:
Ժիրայր Դանիէլեան անդրադարձաւ նաեւ հրատարակուող գիրքերու տպաքանակին, որ սփիւռքի մէջ կը տարուբերի 500-1000 օրինակի միջեւ, մինչ հայրենիքի մէջ, ուր շուրջ երեք միլիոն բնակիչ կայ, միջին հաշուող գիրք մը 300 օրինակով կը տպուի, ու շատ բացառիկ պարագաներու` հազար օրինակով:
Իսկ «Գրական սփիւռք» տարեգիրքին գծով եղան հետեւեալ նկատողութիւնները.
- Հատորին մէջ լոյս տեսած գրութիւնները զտումի չեն ենթարկուած, ինչ գրութիւն որ ղրկուած է` տեղ գտած է անոր մէջ:
- Աշխատակից-հեղինակներու միջեւ համակարգում չկայ. հանրածանօթ գրողի մը կողքին, օրինակ` տպուած է բոլորին անյայտ նոր եւ անծանօթ երիտասարդի մը գրութիւնը:
- Նաեւ նիւթերու քանակի արդար բաշխում չէ կատարուած: Օրինակ` գրողի մը գործը գրաւած է 350 էջերէ բաղկացած հատորին մէջ երրորդ բաժինը:
- Գրական-գիտական բաժին մը կայ, ուր հայրենի գրողներ կը քննադատեն սփիւռքը: Նախընտրելի պիտի ըլլար, որ սփիւռքահայ գրողի մը տեսակէտը նկատի առնուէր նաեւ:
Վերջին բաժինով Յակոբ Պալեան անդրադարձաւ համագումարի եւ նման ձեռնարկներու գծով մեկենասներու նիւթական օժանդակութեան ապահովումի հարցին: «Օրինակ, այս տարի «Բագին» գրական հանդէսի 50-ամեակն է, եւ մտադիր ենք այս առիթով համաժողով մը գումարել, բայց նաեւ մտահոգ ենք անոր ֆինանսաւորման գծով», ըսաւ Յակոբ Պալեան:
Ներկաներէն գրող եւ մտաւորական Շահանդուխտ առաջարկեց արծարծուած այս մտահոգութիւնները յատուկ բանաձեւումով հրատարակել:
- 0 Comments
- 54 views
- Tweet
Email
Print



