Փորձ-Հարցարան. Որպէս Ծնողք Ի՞նչպէս Կը Վարուիք Ձեր Զաւակին Հետ
By adminx - Thu Jun 14, 5:32 am
- 0 Comments
- 184 views
- Tweet
Email
Print
1
Ձեր զաւակը դպրոցէն կը կախակայուի, իր մէկ յանցանքին պատճառով:
ա.- Անմիջապէս դպրոց կը ներկայանաք եւ բացատրութիւն կը պահանջէք:
բ.- Զայն կը կանչէք եւ կ՛ուզէք իրմէ լսել պատճառը:
գ.- Ասոնց մանրամասնութիւնները լսելու` անկէ խոստում կ՛առնէք, որ ուրիշ անգամ չկրկնէ:
2
Մինչեւ օրս պահած էք
ա.- Ձեր զաւկին բժշկական տետրակը:
բ.- Ձեր զաւկին առաջին բանաստեղծութիւնը:
գ.- Ձեր զաւկին կաթի ակռան:
3
Մայրերու օրը մտքով կը կապէք`
ա.- Փունջ մը ծաղիկի հետ:
բ.- Ընտանեկան ընթրիքի հետ:
գ.- Սրտաբուխ մաղթանքի հետ:
4
Մայր դառնալով կը սորվիք
ա.- Դատել եւ դատուիլ:
բ.- Ինքնամոռաց դառնալ:
գ.- Տկարանալ զաւկին դիմաց:
5
Ձեր զաւակը առանց պատճառի խռոված է:
ա.- Հետը կ՛առանձնանաք եւ բացատրութիւն կ՛ուզէք:
բ.- Կը սպասէք, որ հանդարտի եւ արտայայտուի:
գ.- Ձեր թեւերուն մէջ կ՛առնէք եւ պատճառը կը հարցնէք:
6
Ձեր զաւակը դպրոցական քննութեան կը պատրաստուի.
ա.- Ձեր բոլոր գործերը կը ձգէք եւ քովը կը նստիք:
բ.- Պէտք եղած ցուցմունքները կու տաք եւ հեռուէն կը հսկէք:
գ.- Արդէն նախօրօք պատրաստած էք անոր աշխատանքի ժամանակացոյցն ու ծրագիրը, իրեն կը մնայ հետեւիլ ձեր ցուցմունքներուն:
7
Երբ ձեր զաւակը լուրջ դժուարութիւն մը ունենայ.
ա.- Անմիջապէս ձեզի կը դիմէ, քանի որ իր սրտին խօսող լուծումներ կը գտնէք:
բ.- Ձեզի կը դիմէ, քանի որ կը հանգստացնէք զինք:
գ.- Ձեզի կը դիմէ, քանի որ շնորհիւ ձեզի` ամէն բան աւելի յստակ կը տեսնէ:
8
Ձեր զաւակը ձեզի հետ չ՛ապրիր, բայց եւ այնպէս
ա.- Իր սենեակը եղածին պէս պահած էք:
բ.- Շաբաթական դրութեամբ հետը կը խօսիք:
գ.- Տեւաբար ձեր կարծիքին կը դիմէ:
9
Եթէ խաղալիքի մը վերածուէիք, պիտի ուզէիք ըլլալ
ա.- Խոշոր արջուկ մը:
բ.- Լեկոյի խաղ մը:
գ.- Բառախաղ մը:
10
Յաճախ ձեր զաւակները ձեզ կը մեղադրեն
ա.- Որ անտեղի կը մտահոգուիք իրենց համար:
բ.- Շատ հարցում կը հարցնէք իրենց մասին:
գ.- Խստապահանջ էք:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, կը նշանակէ, որ ձեր զաւակը ձեր կեանքին ամբողջ իմաստն են ձեր գոյութեան միակ պատճառն է: Հետեւաբար շատ բնական կը գտնէք, որ մէկ կողմ ձգէք ձեր փափաքներն ու երազները եւ ամբողջովին նուիրուիք անոր: Ժամանակն է, որ քիչ-քիչ թեւեր տաք անոր, որպէսզի սորվի ինքնաբաւ ըլլալ, իսկ դուք զբաղեցէք ձեր անձով, եղէք «անձնասէր», նաեւ` որպէսզի հետագային մեծ յուսախաբութիւններ չապրիք:
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, որպէս ծնող` ոստիկան չէք, չէք փափաքիր, որ ձեր զաւակը ձեզ տեսնէ որպէս օրէնքներ ճշդող եւ պարտադրող անձի, այլ կ՛ուզէք, որ մօտենայ ձեզի, հանգիստ արտայայտուի իր դժուարութիւններուն մասին, ձեզի հետ բաժնէ իր վիշտն ու ուրախութիւնը: Ազատ կը ձգէք, որ կեանքի մէջ իր ընտրութիւնները ունենայ եւ իր անձնական թեւերով թռչի:
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ձեր զաւկին դաստիարակութիւնը առաջնահերթ է ձեզի համար: Անոր համար կը ջանաք ստեղծել յարմար միջավայր եւ ճշդել որոշ օրէնքներ, որպէսզի ինքզինք կառուցէ եւ աւելի ուշ երախտապարտ ըլլայ ձեզի:
Զօրաւոր անհատականութիւն ունիք եւ նոյնիսկ ձեզմէ հեռու կը փորձէք հսկել անոր վրայ, քանի որ երեխան երեխայ կը մնայ ձեր աչքով:
Սեղանի Յարդարանք
Ծաղիկներու Լեզուով…
Ամառը յաճախ առիթը կ՛ունենանք բարեկամներ հրաւիրելու եւ ընթրիքի սեղանի շուրջ բոլորուելու:
Ի՛նչ ալ ըլլան պատրաստուածներն ու հրամցուածները, սեղանին յարդարանքը մեծ դերակատարութիւն ունի ընթրիքի յաջողութեան մէջ:
Քիչ մը ճաշակ եւ ժամանակ բաւարար են «հիւրընկալ սեղան»-ի մը պատրաստութեան համար:
Օգտագործելով ձեր պարտէզը կամ պատշգամը աճած ծաղիկները եւ, ինչո՛ւ չէ, դաշտային ծաղիկները, կրնաք պատրաստել ճաշակաւոր «արանժըման»ներ: Ծաղիկները կրնաք տեղաւորել մետաղեայ ցնցուղներու, պահածոյ հիւթերու մետաղեայ տուփերու, գարեջուրի կամ գինիի շիշերու եւ ուրիշ շատ մը բաներու մէջ:
Ստորեւ` քանի մը խօսուն օրինակ…
Այլազան
Առանձին Խօսելու Առաւելութիւնը
Վիսքոնսընի գիտնականներուն կարծիքով, առանձին խօսիլը կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
Այսպէս, եթէ բան մը կորսնցուցած ենք եւ կը փնտռենք, առարկային անունը տալով եւ բարձրաձայն ինքնիրեն խօսելով` աւելի դիւրին կը գտնենք կարաւանը, քան թէ լուռ ու մունջ փնտռենք զայն:
Գիտնականներուն կարծիքով, լեզուն, խօսակցութիւնը կ՛օգնեն ուղեղին, որպէսզի աւելի լաւ տեսնէ ու ճանչնայ զինք շրջապատող իրերը:
Կիտրոնին Բարիքներէն
Կիսուած կիտրոն մը` սառնարանին դրան վրայ, կը չէզոքացնէ անախորժ հոտերը:
Կիտրոնի կեղեւները լուացարանին մէջ կը չէզոքացնեն անախորժ հոտերը եւ վնասակար չեն, ինչպէս` Օ տը ժաւէլը, որ նոյն նպատակով կը գործածենք:
Մէկ լիթր ջուրի մէջ աւելցուցէք երկու կիտրոնի հիւթ եւ մէջը թրջեցէք ձեր ճերմակ շապիկները կամ գուլպաները, որոնք ժամանակի ընթացքին կորսնցուցած են իրենց սպիտակութիւնը: Կրնաք նոյն նպատակով կիտրոնի հիւթը աւելցնել ձեր լուացքի մեքենային:
Շաբթուան Մարզանքը
Եոկա
Սրտի զարկերը կանոնաւորելու, ծանրութեան զգացումէն թեթեւնալու, կռնակին եւ ուսերուն մկանները թուլցնելու եւ, վերջապէս, շնչառութիւնը կանոնաւորելու համար կատարեցէք եոկայի հետեւեալ շարժումը, այսինքն դուք ձեզ դրէք «կոմուք» (կովու գլուխը) կոչուած դիրքին մէջ:
Գետին նստեցէք, ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, ապա ջանացէք երկու ձեռքերը իրարու միացնել, մէկը կռնակին վարէն, միւսը` վերէն եւ այդ դիրքով մնացէք մէկ վայրկեան: Յետոյ փոխեցէք ձեռքերուն դիրքը:
Եթէ սկիզբը ձեռքերը իրարու միացնելու դժուարութիւն ունենաք, օգտագործեցէք գուլպայ մը կամ փոքրիկ անձեռոց մը, որ որպէս միացման կապ պիտի ծառայէ: Երբ թեւերը քիչ-քիչ գտնեն իրենց ճկունութիւնը, կը ձերբազատիք անոնցմէ:
Ձեռային Աշխատանք
Բանջարեղէններով
Փունջ Մը
Այո, այս բանջարեղէնները պատահականօրէն իրարու վրայ դիզուած չեն, այլ ձեռային աշխատանքի արդիւնք են:
Մեր ամառնային սեղանները կրնանք ճոխացնել նման «փունջ»երով` օգտագործելով եղանակի բանջարեղէններ եւ, ինչո՛ւ չէ, պտուղներ:
Այս փունջին պատրաստութեան համար պէտք ունիք աղցանի խորունկ ամանի մը` կիսով քարաղով լեցուած, խորովածի փայտեայ ցպիկներու` բանջարեղէնները ձեւաւորելէ ետք քարաղին մէջ հաստատելու համար եւ տեսակաւոր բանջարեղէններու, ինչպէս` պրոքոլի, կանկառ, պզտիկ լոլիկ, կարմիր կաղամբ, բողկ, վարունգ եւ ինչ որ ձեր ձեռքին տակ ունիք:
Անշուշտ թելադրելի է, որ այս բանջարեղէններուն կողքին պատրաստէք «տիփ» մը` զանոնք մէջը թաթխելու համար:
Խոհագիր
Հաւով Ասիական Աղցան
1/4 կարմիր սոխ կամ 1 պզտիկ սոխ`
բարակ շերտերու վերածուած
2 պճեղ սխտոր` մանրուած
2 թէյի դգալ թարմ կոճապղպեղ (ճինճըր)
1 թէյի դգալ շաքար
2 ապուրի դգալ բրինձի ճերմակ քացախ
3 ապուրի դգալ կծու ձէթ
1 թէյի դգալ կծու ձէթ
2 ապուրի դգալ սոյա թացան
Պտղունց մը աղ (ըստ փափաքի)
3 հաւու կուրծք` կիսուած
1 վարունգ` կեղւուած, կուտերը հանուած եւ լուցկիի ցպիկի նման բարակ կտրուած
1 կարիմր պղպեղ` առանց կուտի եւ ցպիկի նման բարակ կտրուած
1 գաւաթ լուբիայի ծիլեր
2 գաւաթ խոշոր մանրուած կարմիր կաղամբ
2 ապուրի դգալ մանրուած թարմ քըզպարա
1/2 գաւաթ մանրուած եւ խարկուած պիստակ
Պատրաստութիւն
Փոքր խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնել սոխը, սխտորը, կոճապղպեղը եւ շաքարը: Աւելցնել քացախը, պիստակի իւղը, կծու ձէթը եւ սոյա թացանը եւ լաւ մը խառնել, մինչեւ որ լուծուին: Համեմել աղով`ըստ փափաքի եւ մէկդի ձգել:
Ջուր եւ աղ լեցնել պոյտի (քասըրոլ) մը մէջ եւ եռացնել: Աւելցնել հաւու կուրծքը, թեթեւցնել կրակը եւ հանդարտօրէն եփել 15 վայրկեան: Մակերեսէն վերցնել փրփուրը, մարել կրակը, գոցել կափարիչը եւ մէկդի ձգել 15 վայրկեան:
Ցամքեցնել հաւու կուրծքը եւ ձգել, որ պաղի, ապա հանել մորթը եւ ոսկորը: Երիզանման կտրել հաւու միսը եւ զետեղել աղցանի ամանին մէջ: Աւելցնել վարունգը, պղպեղը, լուբիայի ծիլերը, վրան տարածել համեմունքը (թացան) եւ խառնել ու դնել մանրուած կաղամբին վրայ: Ցանել քըզպարան, պիստակը եւ հիւրասիրել:
Կծու ձէթ ստանալու համար 1 գաւաթ ձէթին մէջ դնել 3-4 հատ շերտուած շատ կծու, կարմիր եւ փոքր պղպեղներ ու ձգել 1 շաբաթ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նշխարներ
Մենք ունեցանք Անցեալ մը վառ,
Որուն մոխրին ու մոռացման
Եւ քարերուն ու դարերուն
Տակ կը պառկին անմխիթար`
Հայ նշխարներ ու աճիւններ
Անյառնելի,
Մագաղաթներ ու հեքիաթներ
Անկանգնելի
Եւ ամբողջ գանձ մը Ոգիի:
Հո՛ն են թաղուած անկրկնելի
Մեր հայրերուն
Սուրբ երկունքներն ու խոկերը,
Արցունքներն ու աղօթքները,
Որոնք` ուժովն իրենց շինող`
Լոյսի շողէն ծնունդ տուին,
Քար ու հողէն ծաղկեցուցին,
Մասիս կողէն դուրս քաշեցին
Եկեղեցի պալատ, կոթող,
Աստուածաշունչ ու Ոսկեդար,
Եւ Մշակոյթ ու Պատմութիւն
Եւ հայ Ոգի:
Ափսո՜ս հազար,
Թէեւ չկա՜ն անոնք հիմա`
Կաթողիկէ, դպրոց, դղեակ,
Վանք ու հրաշք,
Բայց անցեալի գանձ ու փառքէն,
Մոխիրներուն վերեւ մռայլ,
Մոռացումէն վեր միգափայլ,
Իբրեւ ներկայ`
Տակաւին կայ ու կը մնայ
Ոգի՛ն նոյն հին,
Ոգի՛ն միշտ նոր,
Որո՛վ միայն կրնայ ներկան
Դառնալ հզօր, ըլլալ աղուոր,
Բերել իրեն հետ Ապագայ
Մը յաղթական:
Վերադառնանք այդ Անցեալի՛ն
Մեր սրբենի, մեր արքենի,
Որ կը կոչուի սուրբ բառերով`
Էջմիածին, Մաշտոց, Վարդան,
Նարեկացի, Յիսուսի Որդի:
Այսօր մտնենք
Մեր անցեալի թանգարանէն,
Սրբարանէն
Ներս` տաճարնե՛րը լուսեղէն…
Հաղորդուի՛նք
Հոգիին հետ մեր հայրերուն,
Ոգիին հետ մեր Պատմութեան,
Յիսուսազօծ
Կամարներուն եւ կապոյտին
Ներքեւ անոնց:
ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Հայատրոփ»
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
- 0 Comments
- 184 views
- Tweet
Email
Print







