«Լիբանան-Սուրիա Սահմանային Իրավիճակը Մերժելի Է» Շեշտեց Զօր. Աուն
By adminx - Wed Jun 13, 7:44 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի, Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, զօր. Աուն յայտնեց, որ Սուրիոյ հետ Լիբանանի հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն պարզած կացութիւնը մերժելի է, որովհետեւ անիկա կը վնասէ Լիբանանի գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի եւ Արաբական լիկայի միջեւ ստորագրուած երկկողմանի ուխտերուն: «Եթէ մենք Սուրիոյ տագնապին եւ հոն արձանագրուած բախումներուն նկատմամբ չէզոք կեցուածք պիտի որդեգրենք, ապա անկարելի է, որ մենք զմեզ զանց առնենք Աքքարի, Թրիփոլիի եւ Քաայի շրջաններէն, որոնք լիբանանեան հողեր են եւ ոչ թէ սուրիական», ըսաւ զօր. Աուն:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստէն ետք Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է նախաձեռնէ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կայունութեան վերահաստատումին: «Այս շրջագիծին մէջ, կառավարութիւնը պէտք է ընտրէ Թրիփոլիի բնակչութեան եւ զինեալներուն միջեւ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց հետզհետէ աճ արձանագրող սպանութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու փորձերը:
Ան նշեց, որ համախմբումը քննարկած է նաեւ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին արդիւնքները` մաղթելով, որ լիբանանեան բոլոր կողմերը նախանձախնդիր ըլլան այդ նիստին որոշումներուն:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print



