Sunday May 26, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Tue Jun 12, 7:17 am

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբերը միացեալ նիստի մը հրաւիրեց յառաջիկայ հինգշաբթի օր` քննարկելու համար Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները հաստատ պաշտօնեաներ դարձնելու օրինագիծը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ այս հանգրուանին կառավարութեան կազմի որեւէ փոփոխութիւն չի կրնար Լիբանանի շահերուն ծառայել:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգները ողջունած են Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումին նպատակով ի գործ դրուող բոլոր ջանքերը` աւելցնելով, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին մաս կազմող քաղաքական ուժերը պէտք է քաջալերել, որպէսզի անոնք շինիչ կերպով գործեն: Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հաստատեց, որ Ուաշինկթըն տակաւին յանձնառու է երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ կայունութիւնը ամրապնդելու իր կեցուածքին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են երկխօսութեան եւ առաջնահերթ պիտի նկատեն այն իրականութիւնները, որոնք կը սպառնան երկրին ապահովական կայունութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ Ազգային երկխօսութեան նիստին շուրջ բախում չկայ, այլ տարակարծութիւն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ քաղաքական տարակարծութիւնները միայն երկխօսութեամբ կարելի է լուծել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքին հարցը լրջօրէն պէտք է քննարկուի եւ արմատական լուծում ստանայ, որովհետեւ զէնքին դիմաց այլ զէնքեր սկսած են «ծնունդ առնել»:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին պիտի ներկայացնէ շարք մը պատկերացումներ, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հակառակորդ կողմերը պէտք է փաստեն, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ժամանակի կորուստ մը պիտի չըլլայ, այլ` իր նպատակին պիտի ծառայէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մասնակցութիւնը լուրջ է եւ անիկա սահմանափակուած է Հըզպալլայի զինաթափումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Ապտել Մեժիտ Սալեհ կոչ ուղղեց կառչած մնալու լիբանանեան բանակին` զայն նկատելով երկրին ապահովական կայունութեան, ազգային միասնականութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան միակ երաշխիքը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, արեւմտեան երկիրներու դեսպաններ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն վրայ ճնշում բանեցուցած են, որպէսզի անոնք ընդառաջեն Ազգային երկխօսութեան նիստին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր նշեց, որ սուրիական վարչակարգը կը միտի հարուածել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Ան աւելցուց, որ նախկին երեսփոխան Ռիֆաաթ Իտի աւազակախումբը կը սպաննէ Թրիփոլիի կիներն ու երեխաները եւ հիւսիսի ապահովութեան վտանգ կը սպառնայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան որոշումը սխալ է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է հետապնդելու Ուատի Խալետի մէջ կատարուած առեւանգումներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ պատժելու յանցագործները:

ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս կոչ ուղղեց այլոց սխալները լիբանանեան բանակին չվերագրելու:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ առանց պետական պիւտճէի նախագիծ վաւերացնելու արմատական ոչ մէկ լուծում կարելի պիտի ըլլայ գտնել` աւելցնելով, որ տուրքերու յաւելումին փոխարէն դէպի Լիբանան ներածումները զսպելու որոշումը շատ աւելի կարեւոր է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն լիբանանեան պետութեան մէջ տեսնել երկու իշխանութիւն, որուն պատճառը քաղաքական կողմի մը իր զէնքին կառչած մնալն է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ թրքական պետութիւնը պատասխանատու է Սուրիոյ մէջ լիբանանցիներուն առեւանգումին:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ զբօսաշրջական յարաբերութիւնները:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան նշեց, որ Մարտ 14-ի եւ իշխանամէտ քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները յստակ են բոլորին համար, «բայց եթէ մենք այդ տարակարծութիւնները երկխօսութեամբ պիտի չլուծենք, ապա ի՞նչ միջոցով պիտի կարենանք լուծել զանոնք», հարց տուաւ ան:

 

Leave a Reply

Advertisement