Օրինաց Երկիր Կուսակցութիւնը 3-4 Փոխնախարարի Պաշտօն Պիտի Ունենայ Նոր Կառավարութեան Մէջ
By adminx - Mon Jun 11, 8:09 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան իրազեկ աղբիւրները «Հայկական ժամանակ» օրաթերթին յայտնած են, որ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը նոր կառավարութեան մէջ երեք-չորս փոխնախարարի պաշտօն պիտի ունենայ:
Իսկ Օրինաց երկիր կուսակցութեան աղբիւրները կը յայտնեն, որ Օրինաց երկիր կուսակցութեան նախագահ Արթուր Բաղդասարեան այդ պաշտօններուն համար «մրցում» յայտարարած է: Փոխնախարար կը դառնան անոնք, որոնք կ՛ամբողջացնեն լաւագոյն «պայմանները»: Նշենք, որ մինչեւ հիմա վերջնականապէս յստակ չէ, թէ յատկապէս ո՛ր նախարարութիւններուն մէջ Օրինաց Երկիր կուսակցութեան թեկնածուները փոխնախարար կրնան աշխատիլ:
Նշենք, որ համաձայնական կառավարութեան չափաբաժինով Օրինաց երկիր կուսակցութեան նաեւ երեք նախարարական պաշտօնի բաժին պիտի իյնայ:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print



