Sunday May 26, 2013

Ղասսան Թուէյնիի Մարմինը Յանձնուեցաւ Հողին

By adminx - Mon Jun 11, 8:03 am

Թուէյնիի յուղարկաւորութենէն պահ մը

Կեդրոնական Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ անցեալ շաբաթավերջին կատարուեցաւ Ղասսան Թուէյնիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ժորժ Խտըր եպիսկոպոսը:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, նախարարներ, մեծ թիւով երեսփոխաններ, որոնց շարքին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, մեծ թիւով լրագրողներ եւ խմբագիրներ, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ սգակիրներու հոծ բազմութիւն մը:

Խտըր եպիսկոպոս իր դամբանականին մէջ շեշտեց, որ Ղասսան Թուէյնի հաւատացած էր այնպիսի իշխանութեան, որ ազատութիւններու առիթ կու տայ` աւելցնելով, որ ան օր մը օրանց մահուան պարագաներուն դիմաց չէ ընկրկած, նոյնիսկ երբ մահը հարուածած էր իր հարազատները:

Ան մաղթեց, որ լիբանանցիները անկէ ժառանգեն անոր խելքը, ճաշակը եւ խոր հայրենասիրութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի յետմահու կը պարգեւատրէ Թուէյնին

Վարչապետ Միքաթի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի անունով Թուէյնին պարգեւատրեց Մայրիներու ազգային բարձրագոյն կարգի շքանշանով:

Միքաթի նախագահ Սլէյմանի եւ իր անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Թուէյնիի ընտանիքին եւ հարազատներուն:

Ղասսան Թուէյնիի թոռնուհին, երեսփոխան Նէյլա Թուէյնի իր մեծ հօր յուղարկաւորութեան առիթով յայտնեց, որ անոր կտակը` «Նահար» օրաթերթը ինք ստանձնած է եւ զայն պիտի պահէ իր քաղաքական, ժողովրդավարական ու արհեստավարժութեան հունին մէջ եւ պիտի շարունակէ այս պատասխանատուութիւնն ու առաքելութիւնը:

Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքի յայտնեց, որ Ղասսան Թուէյնի եղած է լիբանանեան եւ արաբական լրագրութեան այն հազուագիւտ յօդուածագիրներէն, որուն գրութիւններուն մէջ արտացոլած է իր անձը:

Պաալպեքի յայտնեց, որ Ղասսան Թուէյնի եղած է միաժամանակ լրագրողը, քաղաքական անձնաւորութիւնն ու ազգային պայքար մղողը` աւելցնելով, որ Թուէյնիի դիմաց գտնուիլը համազօր է երկրին պատմութեան մէկ հանգրուանին դիմաց գտնուելուն:

Նշենք, որ երէկ Էշրեֆիէի Մար Նիքոլա եկեղեցւոյ մէջ Թուէյնիի ընտանիքը շարունակեց ցաւակցութիւններ ընդունիլ: Ցաւակցութիւն յայտնեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Ղասսան Թուէյնիի մահը մեծ կորուստ է Լիբանանին համար: «Ղասսան Թուէյնի իր զաւկին` Ժըպրան Թուէյնիի հետ փափաքեցաւ, որ թաղուին ազգային բոլոր ատելութիւնները, իսկ այսօր` Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին նախօրեակին, մենք կարօտը ունինք Թուէյնիի, երկխօսութեան տիպարին եւ այն անձին, որուն ջանքերով յառաջացած է Ազգային երկխօսութեան խորհուրդը», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:

Ցաւակցութիւն յայտնեցին նաեւ մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ եւ հոգեւորականներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի եւ Պէյրութի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին ցաւակցութիւն յայտնեց Ղասսան Թուէյնիի մահուան առիթով եւ շեշտեց, որ ներկայ հանգրուանը նման է 1982-ին, երբ վտանգը կը տիրէր Լիբանանին:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական լուրջ տարակարծութիւն կայ, սակայն անհրաժեշտ է այդ տարակարծութիւնները լուծել խաղաղութեամբ եւ ոչ թէ բախումներով, յատկապէս Պապ Թըպպանէի եւ Պաալ Մուհսենի միջեւ:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ նաեւ, որ այդ բախումները կրնան բարդանալ:

 

Leave a Reply

Advertisement