Առեւանգուած 11 Լիբանանցիները Ազատ Չարձակուած. Ուատի Խալետի Մէջ Կ՛արձանագրուին Այլ Առեւանգումներ
By adminx - Mon Jun 11, 8:02 am
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print
Մինչ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ կէսօրին սփռեց պատկերներ, որոնց մէջ երեւցան Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիները, որոնք ողջ էին ու առողջ եւ կը շեշտէին, թէ իրենք առեւանգուած չեն, այլ Սուրիոյ յեղափոխականներուն հիւրերն են եւ մօտիկ ապագային պիտի վերադառնան Լիբանան, երէկ Ուատի Խալետի մէջ արձանագրուեցան այլ առեւանգումներ:
Հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ Ուատի Խալետ շրջանին մէջ առեւանգումը վերածուեցաւ սովորութեան մը` նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տիրող ներկայ իրադարձութիւնները:
Սակայն Ուատի Խալետի մէջ գործող ոչխարներու վաճառականներէն Սլէյման Ահմետի առեւանգումը` Հալպայի մէջ եւ զայն Սուրիա տեղափոխելու արարքը մերժելի էր շրջանին բնակչութեան կողմէ:
Ահմետի առեւանգումին դէմ իբրեւ բողոք Ուատի Խալետի բնակիչները փակեցին շրջանի մայր ճամբան եւ պահանջեցին զայն այսօր իսկ ազատ արձակել:
Բնակիչներէն մէկը յայտնեց, որ Սլէյման Ահմետը առեւանգողները լիբանանցիներ են` աւելցնելով, որ անոնք Ահմետը յանձնած են Սուրիոյ:
Սակայն աւելի վտանգաւորը եղաւ այն իրականութիւնը, որ Ահմետին փոխարէն առեւանգուած են 9 այլ անձեր, որոնք բոլորը ալեւի համայնքի զաւակներ են. անոնցմէ հինգը լիբանանցիներ են, իսկ չորսը` սուրիացիներ:
Նշենք սակայն, որ Ուատի Խալետի քաղաքական թէ հոգեւոր պատասխանատուներ յայտնեցին, որ իրենք դէմ են առեւանգումի գաղափարին:
Այս շրջագիծին մէջ, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ իրենք Լիբանանէն քաղաքացիներ առեւանգող եւ զանոնք այլ պետութեան մը յանձնող աւազակախումբի մը հետ յարաբերութիւն չունին, այլ` կը գործակցին լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն, լիբանանեան բանակին, պետական հաստատութիւններուն, հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին հետ: Ան խստիւ դատապարտեց առեւանգումի արարքները:
Երեկոյեան յայտնուեցաւ, որ ալեւի համայնքի նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյն առեւանգուած Սլէյման Ահմետը պիտի յանձնէ Ուատի Խալետի աշիրեթներուն, պայմանաւ որ սակայն ազատ արձակուին նաեւ առեւանգուած լիբանանցիներն ու սուրիացիները:
Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան իր սփռած տեղեկագրութեամբ նշեց, որ Ուատի Խալետի բնակիչները ոչ մէկ կապ ունին առեւանգման արարքներուն հետ` աւելցնելով, որ առեւանգումը կատարուած է «Մարտ 14-ի մաֆիա»-ին կողմէ` հարուածելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը:
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print



