Wednesday Jun 19, 2013

Թուրքիա Ժամանակաւորապէս Պիտի Խզէ Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւնները

By adminx - Sat Jun 09, 6:58 am

Պաղըշ, Էշթըն, Տաւութօղլու եւ Ֆիուլէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի եւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիուլէի հետ «Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն քաղաքական երկխօսութիւն» նիստի ծիրին մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա Կիպրոսի Եւրոպական Միութեան նախագահութեան ժամանակահատուածի ընթացքին պիտի խզէ Եւրոպական Միութեան հետ իր յարաբերութիւնները:

«Հարաւային Կիպրոսի նախագահութեան վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը յստակ է: Կիպրական նախագահութեան ժամանակահատուածի ընթացքին Թուրքիոյ ոչ մէկ գերատեսչութիւն Եւրոպական Միութեան հետ պիտի համագործակցի: Սակայն մեր յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին», նշած է Տաւութօղլու:

Leave a Reply

Advertisement