«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» Կը Գրէ. Թուրքիան Մերժած Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու Միացեալ Նահանգներու Կոչը
By adminx - Thu Jun 07, 7:51 am
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ը կը գրէ, որ Թուրքիան մերժած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կոչը` նշելով, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը յարաբերութիւններու կարգաւորման գլխաւոր խոչընդոտն է:
Անգարան կը մերժէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու կոչերը` վկայակոչելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն վերաբերեալ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի որոշումը: «Թուրքիոյ դիրքորոշումը այդ հարցին մէջ յստակ է», թերթին յայտնած է թուրք դիւանագէտ մը` աւելցնելով, որ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը որոշած է, որ արձանագրութիւնները կը համապատասխանեն երկրի սահմանադրութեան:
Նշեալ դատարանի որոշումին մէջ կը վկայակոչուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչ որ Անգարայի զայրոյթը յառաջացուցած է: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք նշած էր, որ այդ դրոյթը կը հակասէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ոգիին:
Նշենք, որ Քլինթըն 4 յունիսին Երեւանի մէջ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ շահագրգռուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումով` նշելով, որ «գնդակը կը գտնուի Թուրքիոյ դաշտին մէջ»:
- 0 Comments
- 68 views
- Tweet
Email
Print



