Փորձ – Հարցարան. Ինչպիսի՞ Վիճող Մըն Էք
By adminx - Thu Jun 07, 5:32 am
- 0 Comments
- 221 views
- Tweet
Email
Print
Զոյգերու միջեւ վէճերը անխուսափելի են. սակայն վէճ կայ շինիչ կը դառնայ, վէճ ալ կայ` քանդող… կարգ մը վէճեր կ՛աւարտին փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ զիջումներով, մինչ ուրիշներ` խզումներով:
Ինչպիսի՞ վիճող մըն էք… իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք ձեր պատասխաններուն արդիւնքը:
1
Ձեր կողակիցին հետ մեծ վէճ մը ունեցաք. որո՞ւ կը պատմէք:
ա.- Ձեր մօրը:
բ.- Ձեր մտերիմ բարեկամուհիին:
գ.- Ոչ ոքի:
2
Առտու կանուխ է, կ՛աճապարէք եւ ձեր կողակիցը բաղնիքը «գրաւած է»:
ա.- Լոգանքը կէս ձգելու գնով զինք դուրս կը հանէք:
բ.- Հինգ վայրկեանի պայմանաժամ մը կը ճշդէք:
գ.- Կրակի վրայ նստած կը սպասէք, որ ելլէ:
3
Ի՞նչ յաճախականութեամբ կը վիճիք.
ա.- Օրական մէկ անգամ:
բ.- Շաբաթը անգամ մը:
գ.- Հազուադէպօրէն:
4
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը` զոյգերու միջեւ վէճերու մասին:
ա.- Անհրաժեշտ են, որպէսզի կարգ մը դժուարութիւններ հարթուին:
բ.- Առիթ են` զիրար հասկնալու:
գ.- Ազդանշան են` մօտալուտ խզումի:
5
Ձեր միջեւ ծագած վէճերուն նիւթը`
ա.- Ընտանեկան է:
բ.- Նախանձի հետ կապուած է:
գ.- Դրամական է:
6
Երբ տարակարծութիւններ կը ծագին, յաճախ`
ա.- Գլուխ կը բռնէք եւ անզիջող էք:
բ.- Երկու կողմերը գոհացնող ելքեր կը փնտռէք:
գ.- Տեղի կու տաք:
7
Ձեր կարծիքով զիջումը`
ա.- Տկարութիւն է:
բ.- Լուծում է:
գ.- Փրկութիւն է:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, հարց ստեղծող անձ էք: Ձեզ նեղացնող հարցի մը դիմաց երբեք չէք լռեր, պատրաստ էք կռուելու, հակադարձելու, ցաւցնելու: Ձեր մօտ զիջում, ներողամտութիւն գոյութիւն չունին, ընդհակառակը կարծէք կ՛ախորժիք վէճերէն եւ զանոնք ձեր ամուսնական կեանքի աղն ու պղպեղը կը համարէք:
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, դուք բանակցութիւններու աստուածուհին էք: Երբ հարց մը կը ծագի ոչ հրահրողն էք, ոչ ալ կռնակ դարձնողը, ընդհակառակը կը սիրէք երկխօսութիւնը, բանակցութիւնը, միջին լուծումները: Շնորհիւ ձեր այս մօտեցումին, առողջ պահած էք ձեր ամուսնական կեանքը:
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ջայլամի քաղաքականութիւն վարող անձ էք: Կը ձգէք, որ հարցերը երկարին, խորանան, միայն վէճ եւ կռիւ չծագի ձեր շուրջ: Պատրաստ էք մինչեւ իսկ ձեր իրաւունքները կորսնցնելու եւ ձեր անհատականութիւնը ճզմելու, բայց ասիկա տկարութիւն է, որմէ պէտք է քիչ-քիչ դարմանուիք:
Նորաձեւութիւն
Ամառնային Կօշիկները
Այս ամառ եւս շատ նորոյթ են քոմփանսէ կրունկով կօշիկները, որոնք սլացք եւ գեղեցկութիւն պիտի տան սրունքներուն:
Մեծ մասամբ կտորէ պատրաստուած այս կօշիկները յաճախ ծաղկաւոր, կէտաւոր կամ գծաւոր են եւ ունին շատ բարձր եւ «լեցուն» կրունկներ:
Զանոնք կրեցէք չափաւով ձեւով, հազիւ քանի մը ժամ` ոտքի, սրունքի եւ կռնակի ցաւերը կանխարգիլելու համար:
Փորձուած Թելադրանքներ
1
Գեղեցիկ եւ ձեւաւոր յօնքեր ունենալու համար պէտք է զանոնք ձեւաւորել շաբաթական դրութեամբ: Այս գործողութիւնը տաղտկալի է յատկապէս բոլոր անոնց համար, որոնք զգայուն մորթ ունին:
Որպէսզի ձեր մորթը նուազագոյն չափով վնասուի ու ցաւի, նախքան գործի անցնիլը, յօնքին չորսկողմը շփեցէք 90 աստիճան ալքոլով եւ կամ մորթը ցաւազրկեցէք` սառոյցի կտորով մը յօնքը շփելով:
2
Եթէ ձեր փոքրիկը ինչ-ինչ պատճառով երեսը ներկած է թաղիք ներկով, մաքրելու համար օգտագործեցէք գաղջ կաթը, որուն ազդեցութիւնը արագ եւ ազդու է:
3
Որպէսզի ձեր լողազգեստը գոյն եւ ձեւ չփոխէ եւ պահէ իր լաւ վիճակը`
ա.- Նախքան լուալը լա՛ւ կարդացէք պիտակին բացատրութիւնը:
բ.- Ծովէն վերադարձին անմիջապէս լուացէք զայն, աղի եւ քլորի հետքերը անհետացնելու համար:
գ.- Լողազգեստը լուացէք ձեռքով: Մեքենայով լուալու պարագային` ընտրեցէք նուրբ կերպասներու յատուկ աստիճանը:
դ.- Լուացուած լողազգեստը արեւին տակ մի՛ փռէք, նախընտրեցէք շուքը, որպէսզի անոր բանուածքը չվնասուի:
Խոհագիր
Կանաչ Բակլայի Խիւս
Կանաչ բակլայի խիւսը դիւրին, համեղ եւ սննդարար է եւ շատ հաճելի` հում բանջարեղէններու կողքին: Ընտրեցէք եղանակի թարմ բանջարեղէններ` բողկ, դդում, ստեպղին, թարմ պղպեղ, ծաղկակաղամբ, եւ այլն… զանոնք լուացէք, ձեւաւոր կտրտեցէք եւ հրամցուցէք ներկայանալի, բաց ամանի մը մէջ, բակլայի խիւսի կողքին:
Պատրաստութեան համար.
Մէկ քիլօ կանաչ, թարմ բակլայ մաքրեցէք եւ 5 վայրկեան եփեցէք եռացած ջուրի մէջ: Քամոցէ անցուցէք եւ ապա մէկիկ-մէկիկ մաքրեցէք մաշկերը:
Մաքրուած հատիկները քիչ մը ձիթաիւղի հետ ելեկտրահարիչէ անցուցէք, քիչ-քիչ աւելցնելով թարմ անանուխի քանի մը տերեւ, երկու պտղունց փոշի գինձ, պճեղ մը սխտոր, երկու ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ, աղ եւ սեւ փոշի պղպեղ: Ստացուած խիւսին աւելցուցէք 2 ապուրի դգալ մայոնէզ, խառնեցէք, ամանը ծածկեցէք կերպընկալով եւ սառնարանը պահեցէք:
Հրամցուցէ՛ք թարմ բանջարեղէնի կողքին:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ծո՛Վ Իմ, Հոգի՛…
Գիտէի թէ տեղ մըն էիր
Մօտերը իմ,
Եւ ես արդէն քու շառաչդ կ՛ունկնդրէի,
Եւ ջուրերուդ բոյրն զգլխիչ
Կ՛ողողէր զիս,
Բայց չկայի՜ր, Ծո՛վ իմ հոգի՛:
- Եւ վերապահ շրթները իմ,
Արմէններու Նուռին նման
Սպասումի արեւներէն ճաքեր էին…
Տագնապին մէջ այս անորոշ,
Իմ խոտորած երթը սանձող,
Բոցերուն մէջ` ահա՛ յանկարծ
Պատկերացար իբրեւ թովչանք,
Եւ քու կողքիդ թուեցաւ թէ
Փայլատակեց Վանայ ծովուն տեսիլքն ահեղ…
Եւ պահ մը ետք,
Երբ լոյսերով պատարուն
Աչքերը իմ կրկին բացի,
Բոցը` ծլած մարմինիդ,
Ահա կրա՜կ կը դառնար,
Եւ կրակը, Այվազեանի ալիքին պէս Իններորդ`
Իմ վարարած մարմինէն ներս կը խուժէր…
Հիմա արդէն,
Վերադարձող արագիլի թեւածումներ
Շուաքն իրենց դէմքիս վրայ կը նետեն
Ու գանկիս մէջ դաշն բզզիւն.
Ապաքինած հիւանդի մը տարփանքով,
Հայրենաբա՜ղձ իբրեւ խենթ`
Կը մաքրուիմ համբոյրներու հրայրքով,
Ու երբ թափով այսպէս կ՛իջնեմ ալքերուդ,
Կը տոչորիմ ես նոյն թափո՛վ տենդագին,
Ու կը դողա՜մ, Ծո՛վ իմ, հոգի՛, ի՜մ աղու,
Ձգողական հմայքին դէմ խորքերուդ…
ՊԵՏՐՈՍ ՀԵՐԵԱՆ
Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
- 0 Comments
- 221 views
- Tweet
Email
Print





