Ազգային Պայքարի Ճակատ Պլոքի Նախարարները Կ՛այցելեն Պըրրիի
By adminx - Wed Jun 06, 7:32 am
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print
Գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ընկերակցութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին իր կատարած այցելութիւնը կ՛իյնայ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Պըրրիի միջեւ գործակցութեան շրջագիծին մէջ:
Թըրրօ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները, եւ մտահոգութիւն յայտնեցին այդ բախումներուն վերստին բռնկումին հաւանականութեան մասին:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ յառաջիկայ 11 յունիսին Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան աւելցուց, որ իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է երկրին պետական պիւտճէի ծրագիրը վաւերացնել յառաջիկայ հինգշաբթի օր գումարուելիք կառավարութեան նիստին ընթացքին:
- 0 Comments
- 6 views
- Tweet
Email
Print



