Tuesday May 21, 2013

Հարիրի. «Թրիփոլին Կը Վկայէ, Որ Սուրիական Վարչակարգը Ճիգ Պիտի Չխնայէ Հրկիզելու Լիբանանը»

By adminx - Wed Jun 06, 7:27 am

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին ընդմէջէն հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ վերջերս արձանագրուած զինեալ բախումները կը փաստեն, որ սուրիական վարչակարգը ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ Լիբանանը հրկիզելու իր ծրագիրը գործադրելու իմաստով:

Հարիրի դրուատեց Թրիփոլիի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան ջանքերը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան թափած ճիգերը` կասեցնելու համար սադրանքները:

«Սուրիական վարչակարգը կը փափաքի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ համայնքային լարուածութիւն յառաջացնել, սակայն ան պիտի ձախողի», ըսաւ Հարիրի:

Leave a Reply

Advertisement