Wednesday Jun 19, 2013

Գերմանիա Պարտքերու Ճգնաժամին Դէմ Պայքարի Նոր Միջոց Կ՛առաջարկէ

By adminx - Wed Jun 06, 7:23 am

Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպայի մէջ պարտքերու ճգնաժամի դէմ պայքարի միջոց կրնայ դառնալ ոչ թէ հաւաքական պարտատոմսերու հրապարակումը, այլ երկիրներու կուտակուած «աւելորդ» պարտքերու` միասնական հիմնադրամի մէջ ներառումը: Օրաթերթը կը գրէ, որ Գերմանիա դէմ է հաւաքական պարտատոմսերուն, ամէն բանէ աւելի այն պատճառով, որ անոնց հրապարակումը Գերմանիոյ սահմանադրութեան դէմ է:

Այս իրավիճակին մէջ ամէնէն հաւանական դիպաշարը «վատ» պարտքերու կուտակումն է միասնական հիմնադրամին մէջ, եւ այս գաղափարը Գերմանիոյ մէջ հետզհետէ աւելի մեծ աջակցութիւն կը ստանայ: Ըստ ծրագիրին, որ արդէն նախորդ տարեվերջին առաջարկուած էր, սակայն օրին ուշադրութեան չէր արժանացած, եւրոյի գօտիի 17 երկիրներու «աւելորդ» պարտքը (խօսքը համընդհանուր ներքին արտադրութեան 60 առ հարիւրէն աւելի կամ, ըստ որոշ գնահատումներու, շուրջ 3 եռիլիոն տոլար պարտքի պարտաւորութիւններու մասին է) պէտք է կուտակուի միասնական եւրոպական հիմնադրամին մէջ, որպէսզի 25 տարուան ընթացքին վճարուի:

Առանց Գերմանիոյ աջակցութեան` Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար ճգնաժամին դէմ պայքարի նոր միջոցներ որդեգրել, իսկ Պերլին պատրաստ է զոհողութիւններ կատարել միայն այն պարագային, եթէ Եւրոպական Միութիւնը անդամ երկիրներու համար աւելի խիստ ելեւմտական եւ տնտեսական միջոցառումներու ձեռնարկէ:

 

Leave a Reply

Advertisement