Պարոյր Աղպաշեանի Գիրքի Շնորհահանդէս Հայկազեան Համալսարանի Մէջ
By adminx - Wed Jun 06, 5:46 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Հայ տպագրութեան 500-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 18 մայիսին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ խմբագիր-հրապարակագիր Պարոյր Աղպաշեանի «Մաքալաթ սահաֆիյա» արաբերէն լեզուով լոյս տեսած գիրքը, որուն մէջ ամփոփուած եւ թարգմանաբար ներկայացուած են «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրութեան շրջաններուն Պ. Աղպաշեանի յօդուածներէն փունջ մը:
Հայ եւ արաբ մամլոյ ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ գրասէրներուն կողքին շնորհահանդէսին ներկայ էր Լիբանանի մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքի:
Բացումը, արաբերէն լեզուով, կատարեց Հայկազեան համալսարանի «Սփիւռք» հետազօտման կեդրոնի տնօրէն ու դասախօս` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, եղաւ թարգմանը օրուան հանդիսութեան խորհուրդին, ապա սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց Աղպաշեանի լրագրական-խմբագրական վաստակին երթուղին, արձանագրած յաջողութիւնները եւ արժանացած պարգեւատրումները:
Ապա, իբրեւ գլխաւոր բանախօս, ելոյթ ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի դասախօս, Քրիստոնեայ-իսլամ համախմբումի հայ ներկայացուցիչ` դոկտ. Ժան Սալմանեան, որ անդրադարձաւ Աղպաշեանի լրագրական հարուստ եւ ուսանելի վաստակին` անոր նոր հրատարակուած գիրքին ընդմէջէն կատարելով շահեկան ու պերճախօս մէջբերումներ ու օրինակներ:
Այնուհետեւ, դոկտ. Տագէսեան բեմ հրաւիրեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքին, որ ողջունելէ ետք լիբանանահայութեան դերը եւ ի մասնաւորի Հայկազեան համալսարանի կարեւորութիւնը լիբանանեան ուսումնական կեանքին մէջ, պատիւ համարեց ներկայ գտնուիլ նման հանդիսութեան մը, ուր կը գնահատուի լիբանանահայ արժանաւոր հրապարակագիր-մտաւորական մը, յանձինս Պարոյր Աղպաշեանի, որուն մեծարման եւ արժանին արժանւոյն տալու համար, ինք կու տայ իր վկայութիւնը, ամենայն անկեղծութեամբ ու հպարտութեամբ:
Պաալպեքի նաեւ խօսեցաւ Աղպաշեանի այն կարեւոր ներդրումներուն մասին, որոնք ոչ միայն կը պատկանին լիբանանահայութեան կամ ընդհանրապէս հայութեան, այլեւ` լիբանանեան հրապարակագրութեան եւ պատիւ նկատեց, որ անոր նման գրիչ մը կը պատկանի լիբանանեան մամլոյ ընտանիքին:
Առ ի գնահատանք մամուլին Աղպաշեանի բերած շնորհակալ նպաստին, Պաալպեքի Աղպաշեանը պարգեւատրեց մամլոյ սենտիքայի յատուկ յուշատախտակով` «Յանուն խօսքի ազատութեան» մակագրութեամբ, բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ:
Ի վերջոյ, խօսք տրուեցաւ գիրքի հեղինակ-մեծարեալին, որ հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով:
Աղպաշեան, հանդիսութեան աւարտին, իր գիրքէն օրինակներ մակագրեց հայ թէ արաբ գործակիցներու ու բարեկամներու:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print




