Saturday May 25, 2013

Նախարար Սապունճեան Բացումը Կատարեց «Միտըլ Իսթ Կրանիթ» Գործարանին

By adminx - Tue Jun 05, 7:32 am

Սապունճեան գործարանին բացումը կը կատարէ

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան շաբաթավերջին «Միտըլ իսթ կրանիթ» գործարանին բացումը կատարեց Նահր Մոթի մէջ:

Գործարանի բացման արարողութեան ընթացքին նախարար Սապունճեան շնորհաւորեց գործարանին սեփականատէրերը եւ նշեց, որ իրեն համար պատիւ է ստանձնել նման կարեւոր գործարանի մը բացումը:

Իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Սապունճեան դրուատեց գործարանը  ընդարձակելու եւ զայն նոր սարքերով ու մեքենաներով օժտելու նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ այդ քայլը ցոյց կու տայ Լիբանանի նկատմամբ գործարարներուն վստահութիւնը, ինչպէս աշխատանքի առիթներ ապահովելու նախանձախնդրութիւնը:

«Կրանիթի ճարտարարուեստը շատ կարեւոր է շինարարութեան մարզին համար, եւ մենք հպարտ կը զգանք, որ Լիբանանի մէջ կան նման մեծ գործարաններ, որոնք կ՛ապահովեն ներքին լիբանանեան շուկային կարիքները, ինչպէս նաեւ կ՛արտադրեն յաւելեալ քանակութեամբ կրանիթ` զայն Լիբանանէն դուրս արտածելու համար», ըսաւ նախարար Սապունճեան:

Ճարտարարուեստի նախարարը դրուատեց Լիբանանի հմուտ մարդուժը եւ լիբանանցիին ստեղծագործ միտքն ու աշխատասիրութիւնը, որոնք մեզի համար մեծագոյն վկայութիւնը կը նկատուին:

«Ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործողը իր հողին մէջ հաստատ կերպով մխրճուած ժայռի մը կը նմանի եւ ան իր երկիրը պիտի չլքէ, այլեւ` ինքզինք պիտի փաստէ Լիբանանի մէջ», եզրափակեց նախարար Սապունճեան:

Leave a Reply

Advertisement