Monday May 20, 2013

«Հայաստանը Պէտք Է Քլինթընէն Բացատրութիւն Պահանջէ Հայ-Թրքական Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցերուն Վերաբերեալ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

By adminx - Sat Jun 02, 7:57 am

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի կարծիքով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի` շրջան կատարելիք այցելութեան ժամանակ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է բացատրութիւն պահանջեն անկէ, թէ, արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգներ համոզուած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի նաեւ ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ, թէ՞ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է:

«Մեզի համար կարեւոր է Միացեալ Նահանգներ – Հայաստան յարաբերութիւններու հարցը, ինչպէս նաեւ մեզ հետաքրքրող այն հարցերը, որոնցմով հետաքրքրուած են նաեւ Միացեալ Նահանգները` հայ-թրքական յարաբերութիւններն ու Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրները», այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ շրջան այցելութեան ծիրին մէջ Հիլըրի Քլինթըն Հայաստան կ՛այցելէ 4 յունիսին:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներէն պէտք է պահանջել, որ ճնշում գործադրեն Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ան լուրջ վերաբերի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատման խնդիրին:

«Թուրքիոյ նախագահ Կիւլի վերջին յայտարարութիւնները շղարշ են` ուղղուած միջազգային հանրութեան, որ ցոյց տան, թէ իբր` կայ հոլովոյթ մը, սակայն իրականութեան մէջ ոչ մէկ հոլովոյթ` կայ», մեկնաբանեց Մանոյեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատուն նաեւ ըսաւ, որ Քլինթընի` շրջան այցելութիւնը գլխաւորաբար առնչուած է Իրանի շուրջ ծաւալող հոլովոյթներով: Ըստ անոր, այս այցելութիւնը նաեւ կը վկայէ այն մասին, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են շրջանային խնդիրներով:

Կիրօ Մանոյեանի խօսքով` Միացեալ Նահանգները Հայաստանէն Իրանի հարցով շատ բան պիտի չպահանջեն, քանի որ մինչեւ հիմա Հայաստանի կեցուածքը Միացեալ Նահանգներու համար հասկնալի է, եւ չկան այնպիսի յարաբերութիւններ, որոնք կրնան մտահոգել Միացեալ Նահանգները:

Անոր համոզմամբ` Հիլըրի Քլինթընի այցելութիւնը եւս մէկ առիթ է յայտարարելու, որ Հայաստան Թուրքիոյ կարելիութիւն տուած է յարաբերութիւնները կարգաւորելու` առանց նախապայմաններու: Սակայն քանի որ Թուրքիան այդ մէկը չէ ըրած, Հայաստան պէտք է ետ կանչէ իր ստորագրութիւնը:

 

Leave a Reply

Advertisement