Նախագահ Սլէյման Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Հետ
By adminx - Sat Jun 02, 7:54 am
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու ու ամրապնդելու հեռանկարները, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցը եւ այդ թղթածրարին առնչութեամբ Ռիատի օժանդակութեան կարելիութիւնները, արաբական ընդհանուր իրավիճակը եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ
հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի` լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրը:
Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք նախագահ Սլէյման դարձաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանի ճաշի հիւրը: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյմանի կատարած այցելութեան անոր ընկերակցեցաւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի եւ վարչական ու լրագրողներու պատուիրակութիւն մը:
Նախագահ Սլէյմանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի, սէուտցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի կողմէ:
Նշենք, որ առաւօտեան նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որմէ իմացաւ անոր Թուրքիա կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Երեկոյեան նախագահ Սլէյման վերադարձաւ Լիբանան:
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print




