ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ողջունելի Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Ա. Անկախ Հանրապետութեան 94-Ամեակի Երգահանդէս
By adminx - Sat Jun 02, 7:29 am
- 0 Comments
- 338 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան 94-ամեակին առիթով տեղի ունեցած ժողովրդային բազմամարդ երգահանդէսին ի պատուի էր Հայաստանն ու համայն հայութիւնը` իր նահատակներով, հերոսներով, հայրենի լեռներով եւ ձորերով, անկախութեամբ, պայքարով, ազատագրական հերոսամարտերով, իր որդին պատերազմի դաշտ առաջնորդող մայրերով, բարի ու քաջարի հայրերով, խիզախ կիներով ու աղջիկներով, հայակերտման եւ հայրենակերտման ճամբուն վրայ իրենց կեանքը տուած նուիրեալներով, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան…
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան ողջունելի նախաձեռնութեամբ կազմակերպութեամբ, յեղափոխական երգերու ուրոյն մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի հայաշունչ ու հայատրոփ մեկնաբանութեամբ եւ «Արազ» նուագախումբի ընկերակցութեամբ երէկ` ուրբաթ, 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին կից գտնուող կառատան մէջ տեղի ունեցած երգահանդէսով ապրելու, լիանալու եւ զայն ըմբոշխնելու եկած էին հազարաւոր հայորդիներ` տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ: Իւրաքանչիւրին համար տարբեր իմաստ ու խորք ունէր ամէն մէկ երգ, ամէն մէկ պատգամ եւ երգին ընդմէջէն գծուած իւրաքանչիւր պատկեր:
Փառատօնի սկիզբը ՀՅԴ ԼԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Սագօ Մարտիրոսեան, որ անդրադառնալով մայիս 28-ի յաղթանակի արժէքին հաստատեց, որ մայիս 28-ը կերտեց գաղափարապաշտ, յանձնառու եւ իր իրաւունքներուն տէր կանգնող նոր մարդը, հա՛յ մարդը, հայութիւն մը, որ մէկ է` մէկ ուժ, մէկ կամք, խիզախութեամբ եւ նուիրականութեամբ լի: Մայիս 28-ին հայը եկաւ ըսելու, թէ ինք տէրն է ազատ ապրելու իր կամքին, զոր ցոյց տուաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ` մերժելով օտար լուծը եւ կերտելով ինքնիշխան հայրենիք մը, որ հայ ժողովուրդի տարիներու երազն էր:
Ս. Մարտիրոսեան դիտել տուաւ, որ այսօր եւս տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի հայութիւնը` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ: Ան հաստատեց, որ պէտք է շարունակել պայքարը, որպէսզի արդարանան մեր նախնիներուն զոհողութիւնները: Ան կոչ ուղղեց յատկապէս հայ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն աւելի քան երբեք զինուելու անցեալի հաւատքով, նուիրումով եւ վճռակամութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել մեր սրբազան «խենթ»-երուն ուղին եւ հասնելու ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանի կերտման:
Իր խօսքը եզրափակելով` Սագօ Մարտիրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս օժանդակեցին փառատօնի յաջողութեան:
Ապա բեմ բարձրացաւ Գառնիկ Սարգիսեան, որ Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով ներկաները շնորհաւորելէ ետք, յեղափոխական երգեր մեկնաբանելու իր ուրոյն ոճով ու ոգիով շուրջ 4 ժամ տեւողութեամբ երգեց յեղափոխական տարբեր ոճի, ժամանակաշրջանի, դէմքերու եւ դէպքերու նուիրուած երգեր` ամրապնդելով ներկաներուն ազգային ոգին ու վճռակամութիւնը, անոնց մօտ ստեղծելով յաւելեալ հպարտութիւն` իրենց հայկականութեամբ, տուաւ յաւելեալ կորով` շարունակելու նախնիներու երթը եւ կերտելու նորանոր մայիս 28-եր:
Փառատօնը աւարտեցաւ հրավառութեամբ:
- 0 Comments
- 338 views
- Tweet
Email
Print





