Վիեննայի Մէջ Քննարկուած Է Համահայկական Ձմեռնային Խաղեր Կայացնելու Հարցը
By adminx - Fri Jun 01, 6:08 am
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ վերջերս Վիեննայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նիստը, զոր վարած են կազմակերպութեան փոխնախագահ Ալպերթ Պոյաճեան եւ Բագրատ Պուռնազեան:
Մասնակցողներուն կարգին եղած են աշխարհի աւելի քան 20 քաղաքներ ներկայացնող Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործադիր մարմնի անդամներ:
Նիստին մասնակցողները քննարկած են օրակարգի վրայ եղող շարք մը հարցեր, մասնաւորաբար Համահայկական ձմեռնային խաղերու կայացման կարելիութիւնը, ամառնային խաղերուն մէջ նոր մարզաձեւերու ընդգրկման, խաղերու աշխարհագրութեան ընդլայնումին, Երեւանի մէջ խաղերու գրասենեակի ստեղծման եւ կազմակերպչական այլ հարցեր:
Ապա, նիստին մասնակցողները այցելած են Վիեննայի մէջ գտնուող Մխիթարեան միաբանութեան վանական համալիրը:
PanArmenian.Net, որ իր այս լուրը քաղած է Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն, կ՛եզրափակէ ըսելով, որ խօսք առած են Հայաստանի դեսպան Արման Կիրակոսեան, միաբանութեան Վիեննայի մասնաճիւղի հոգեւոր առաջնորդ Հ. Պօղոս Գոճանեան, Աւստրիոյ մէջ գտնուող Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեան, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի հասարակական կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի փոխնախագահներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Ալպերթ Պոյաճեան եւ ուրիշներ:
- 0 Comments
- 58 views
- Tweet
Email
Print



