Wednesday May 22, 2013

Լիբանան Կը Պատրաստուի Քաթարի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

By adminx - Fri Jun 01, 6:05 am

Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 3 յունիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Դ. եւ վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը` Մարզական աւանին մէջ հիւրընկալելով Քաթարը:

Անցնող քանի մը օրերուն, ինչպէս նաեւ երէկ, Լիբանանի մարզիչ Թէօ Պէօքըր, քիչ մը աւելի «սաստկացուցած է» փորձերը, որպէսզի մարզիկներուն ֆիզիքականը ըլլայ աւելի զօրաւոր եւ անոնք դիմանան մրցումին ամբողջ 90 վայրկեանները: Ան իր մարզիկներուն նոյնիսկ ծանրաբարձութեան փորձեր ալ կատարել կու տայ` նոյն նպատակէն մեկնելով:

Ինչ կը վերաբերի այս մրցումին տոմսակներուն վաճառքին, անիկա շատ աշխուժ կ՛ընթանայ, համակիրներուն մօտ կը տիրէ խանդավառ մթնոլորտ մը եւ անոնք դրական կը մօտենան մրցումին:

Ներկայիս շշուկներ շրջան կ՛ընեն, որ յաղթանակ արձանագրելու պարագային Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ստանայ 15 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը:

 

Լուսանկարները Տրամադրեց Ատնան Հաժ Ալի

Leave a Reply

Advertisement