Tuesday May 21, 2013

«Յիշատակի Ձեռնարկ»-ին Եւ Հրաչ Փափազեանի Նորակառոյց Շիրիմի Բացման Առիթով Կարօ Յովհաննէսեանի Արտասանած Խօսքը

By adminx - Fri Jun 01, 5:34 am

Պէյրութի դաշնակցական չորս կոմիտէներ` «Քրիստափոր», «Տիգրան Ծամհուր», «Ազատամարտ» եւ «Ռոստոմ», հիանալի գաղափարը յղացած են եւ կը գործնականացնեն յիշատակի այս ձեռնարկը, որ նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան այն գործիչներուն, որոնք թաղուած են այս Ազգային գերեզմանատան մէջ: Հիանալի ըլլալու կողքին, մեղադրանքի բաժին մըն ալ ունի այս ձեռնարկը, որովհետեւ քանի մը գործիչներէն անկախ (Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան եւ մասամբ Վարդան Շահպազ), մնացեալ չորսը` Ցրոնքցի Մուրատ, Արշակ Յովհաննէսեան, խմբապետ Մուշեղ Աւետիսեան, եւ Հրաչ Փափազեան մնացած են, այնպէս` ինչպէս իրենց ողջութեան, նոյնպէս իրենց մահէն ետք` համեստութեան մէջ, գրեթէ մոռցուելու աստիճան:

Այս ձեռնարկը ունի մեծ նշանակութիւն, որովհետեւ ամէն անգամ երբ ետ կը նայինք անցնող աւելի քան իննսուն տարիներու այնքան հարուստ նահատակութիւններուն վրայ, Զաւարեանի բառերով` կը հրավառի մեր արիւնը, կ՛եռայ մեր խանդը եւ աւելի զօրաւոր կը զարնեն մեր բազուկները, որովհետեւ այդ ճամբուն վրայ նահատակուածներուն գերեզմանը մեր խորանն է այլեւս, անոնց անունը մեր առջեւ բացուած ազատագիրքը եւ անոնց յիշատակը` մեր բոլորիս ռահվիրան:

Թաքուն ուժ մը, պատմական ու ցեղային թաքուն ուժ մը յայտնուեցաւ 1918-ի մայիսեան ազատամարտին ընդմէջէն եւ միացուց հայութեան փրթած բեկորները: Բռնկած հրդեհներու մոխիրներէն վեր հանեց հոգիները, կրակոտ ցաւը եւ, ամէնէն ողբերգական պայմաններու տակ, բոլո՜ր, բոլո՜ր աւերներուն դիմաց, ազգային հպարտանքի եւ գիտակցութեան կրակը փչեց մեր ժողովուրդին:

Եւ, վերջապէս, այդ ուժն է, Գարեգին Նժդեհի բառերով, որ ծնաւ իրաւունք. եւ միայն հայկական սուինի գծած սահմաններն են, որ եղան իրական ու կայուն:

***

Առաւել կամ նուազ չափով ծանօթ են մեզի Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի գաղափարները, մտածումները, ինչպէս նաեւ` իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ազգային-կազմակերպական կեանքին:

Լեւոն Շանթ, իր գրական-գեղարուեստական եւ մանկավարժական աշխատութիւններու կողքին, մեզի ժառանգած է նաեւ գաղափարական-ընկերային հարցերու նուիրուած աշխատութիւններ եւ յօդուածներ: Ըստ անոր, անկախութիւնը հաւանաբար ամէնէն տիրապետող ազգային առանձնայատկութիւնն է մեր մէջ: «Անկախութիւնը,- կը հաստատէ Շանթ,- հայուն համար կեանքի դրած բացարձակ պահանջն է եւ անկախութեան ձգտումը` մեր գոյութեան հիմքը, մեր լինել-չլինելու հարցը»: Իրենց անկախութեան ձգտելուն համար չէ, որ կը մեռնին ժողովուրդները, կը շարունակէ ան: Ընդհակառակը, ժողովուրդները կը մեռնին ապրելու կամքն ու վճռակամութիւնը չունենալնուն համար: Կռուի մէջ նետուողը,- կը հաստատէ Շանթ,- թէ՛ կրնայ վիրաւորուիլ եւ թէ՛ կրնայ մեռնիլ: «Բայց մեռնելէն վախցող ժողովուրդը ո՛չ կրնայ ապրիլ ու դիմանալ, ո՛չ ալ իրաւունք ունի ապրելու իբրեւ ուրոյն գոյութիւն, իբրեւ ջոկ անհատականութիւն»:

***

Կարծէք` լոյսէ շինուած ըլլար Նիկոլ Աղբալեանը, որ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան լոյս սփռեց իր բոլոր նախաձեռնութիւններուն մէջ: Իր լայն եւ բազմակողմանի հետաքրքրութեամբ ան ձեռք բերաւ պայծառ իմացականութիւն մը, որով լուսաւորեց իր շրջապատը, անգամ` կռուի ժամանակ: Իր անձին մէջ ան կը խտացնէր ամբողջ հայութիւնը եւ անցեալի մութ խորքերէն լոյսին բերաւ բազմաթիւ արժէքներ: «Ամենայն հայոց մտաւորականը» իրաւամբ կոչեց զինք Մ. Իշխան` հիմնաւորելով, որ քիչեր իրեն չափ կը ճանչնային հայ հոգիին եւ հայ հանճարին առանձնայատկութիւնները թէ՛ քերթողական մարզին եւ թէ՛ արուեստի եւ մշակոյթի այլ ճիւղերու մէջ: Ի՛նքն էր, որ խմբագրեց Հայաստանի անկախութեան բանաձեւը: Իբրեւ լուսաւորութեան նախարար` հիմնադիրը եղաւ նորանկախ Հայաստանի անդրանիկ համալսարանին: Սփիւռքի մէջ կատարեց առաւելաբար լոյսի գործ: Հիմնադիրներէն մէկը եղաւ Համազգայինի մշակութային եւ կրթական ընկերակցութեան եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանին: Ճշմարիտ գաղափարախօս մը: Ի շարս այլոց, Աղբալեան բազում անգամներ խօսած ու գրած է մայիս 28-ի մասին: Այսպէս, ան կը հաստատէ. «Հեռու չէ այն օրը, երբ մայիս 28-ը պիտի դառնայ ազգային տօն. այն ժամանակ գուցէ մեռած կ՛ըլլանք մենք եւ մեզի հետ` մեր հակառակորդները», կը մարգարէանար ան. բա՛ն մը, որ իրականութիւն է այսօր:

***

1921-ի Փետրուարեան ապստամբութենէն առաջ Նիկոլ Աղբալեան դաշնակցական այլ ղեկավարներու հետ բանտարկուած էր համայնավար իշխանութիւններուն կողմէ: Ապստամբութեան օրը հայ ժողովուրդը խորտակեց բանտին դռները եւ ազատեց զինք: Արշակ Յովհաննէսեան կը վկայէ, որ երբ բանտէն դուրս եկաւ Աղբալեան, ըսաւ. «Հայութիւնը երկարացրեց իմ կեանքը, ես էլ ինչ որ ունիմ, պիտի տամ հայութեան»: Այդպէս ալ ըրաւ: Աղբալեան տուաւ, ինչ որ ունէր. տուաւ նաեւ իր նիւթականը` յատուկ կտակով:

Այսինքն, ի՛նչ որ կարելի է հաստատել Արշակ Յովհաննէսեանի մասին, այլ բաներու կարգին, եղած է Փետրուարեան ապստամբութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը: Նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան օրով եւ անկէ ետք սփիւռքի մէջ, յատկապէս Լիբանան, ան կատարած է կրթական-մշակութային բոլորանուէր աշխատանք` շուրջ յիսուն տարի շարունակ: Իր կարգին հաւատաց Հայաստանի ազատութեան իտէալին. խորունկ հայրենասիրութիւն էր իր ունեցածը:

Արշակ Յովհաննէսեան գլխաւոր վերամշակողներէն մէկն էր Դաշնակցութեան կանոնագիրին, ինչպէս նաեւ հիմնադիրներէն մէկը` Լիբանանի դաշնակցական պատանեկան միութիւններուն: Արամ Սահակեանի վկայութեամբ, Արշակ Յովհաննէսեան կը կրկնէր շարունակ հետեւեալ խօսքը. «Եթէ կ՛ուզէք, որ կուսակցութիւնը ապրի եւ տեւական դառնայ, ուժ տուէք պատանեկան միութիւններուն»:

***

Արշակ Յովհաննէսեան, կարգ մը աշխատասիրութիւններու եւ դասագիրքերու կողքին, պատրաստած է նաեւ Ցրոնքցի Մուրատ Պետրոսեանի գիրքը, 1929-ին: «Հայ յեղափոխութեան խիզախ զինուորը» իրաւամբ կոչած է զայն Արշակ Յովհաննէսեանը, որ` «կատարել է յեղափոխականի իր պարտքը: Նա գիտակցօրէն մեր ազատագրական շարժման նուիրաբերել է այն, ինչ որ ունէր եւ ինչ որ կարող էր: Նա արհամարհել է բոլոր խոչընդոտները` իր դէմ ծառացած»:

Ցրոնքցի Մուրատ Պետրոսեան հաւանաբար առաջին թաղուածներէն մէկն է այս գերեզմանատան մէջ` Հայաստանի 1918-ի հանրապետութեան գործիչներուն մէջ: Մեռաւ թոքախտէ, Համմանայի առողջարանին մէջ: Հալէպէն Պէյրութ փոխադրուելու նախօրեակին Ցրոնքցի Մուրատ կ՛ըսէր իր հայրենակիցներէն Արամ Երէցեանին. «Ես ծարաւ եմ, շա՜տ ծարաւ. հայրենակիցներուս տեսքը, խօսակցութիւնը, ժպիտը պահ մը կը մարեն առչորակէզ սրտիս հրդեհը: Հայրենակից մը տեսնել ինծի համար Տարօն բարձրաւանդակ տեսնելն է. Արա՛մ երբեք լսա՞ծ էիր, որ տարօնցիին սրտին մէջ թոքախտը կարենայ սողոսկիլ եւ ծառը շրջելու չափ յանդուգն ըլլայ: Բժիշկը կ՛ըսէ, թէ թոքախտաւոր եմ, բայց ես դեռ չեմ հաւատար. չեմ դողար, կ՛ապաքինիմ, պիտի չմեռնիմ օտար հողի վրայ. ես պէտք է որ հոն մեռնիմ, հո՛ն»: Թոքախտը, սակայն, աւերը գործած էր իր մէջ. հայրենի օդով ու ջուրով սնած ծառը շրջուած էր իր մէջ: Մանուէլ Մամիկոնեաններու շունչը կար իր վերջին խօսքերուն մէջ, որ կատարած էր իրեն այցելած ընկերներու եւ բարեկամներու. «Տղա՛ք, ասկէ յետոյ իմ գործս վերջացաւ. ա՛լ գործս Գաբրիէլ հրեշտակին հետ է, թէեւ անգամ մըն ալ կ՛ուզէի տեսնել հայրենիքիս ազատութիւնը, բայց «Գաբրիէլ»-ը արժանի չտեսաւ մեզ: Ես չէի ուզեր օտար երկնքի տակ մեռնիլ, այլ` հայրենի երկնքի տակ, հայրենի լեռներու մէջ, զէնքը ձեռքիս… Ա՜հ մեր լեռները…»:

***

Վարդան Շահպազ, իր յառաջացած տարիքին մէջ անգամ խումբ մը ընկերներու հետ այցելութիւն կու տար Ցրոնքցի Մուրատի գերեզմանին: Բարոյապէս պարտական կը զգար ինքզինք` այցելելու ընկերներուն գերեզմանները: 1920-ական թուականներուն, երբ Պուլկարիա կը գտնուէր, իրեն համար նուիրական պարտականութիւն էր երթալ Քրիստափորի գերեզմանին վրայ ծաղիկներ տնկել եւ շաբաթը քանի մը անգամ ջրել: Կարծէք` Քրիստափորին հետ խօսելու եւ անկէ դաս առնելու կու գար մեծ սուրբէն, ինչպէս կը վկայէ Պուլկարիոյ Կեդրոնական կոմիտէի իր ընկերներէն Գ. Գուտուլեան:

Կատարեալ խոնարհ հերոս մը, բառին ամէնէն վեհ իմաստով, ի՛նքը` Վարդան Շահպազը, որ դաշնակցականի եւ հայու լրիւ պարտականութիւնը կատարած ըլլալու ամբողջական գոհունակութիւնը ունէր, երբ հասաւ այս գերեզմանը: Վարդան Շահպազը հոն էր, ուր կար յեղափոխական կռիւ: «Սերունդներու Հայրիկ» եւ «Դարաւոր կաղնի» կոչեցին զինք իր ժամանակակիցները: Մինաս Թէօլէօլեան կը հաստատէ.

«Խենդ»երէն էր «Հայրիկը», իրենց անձը ուրացողներէն: Ասոր համար ալ կեանք չունեցաւ, չապրեցաւ` ընթացիկ առումով եւ իմաստով: Իր ինչքը, միտքը, հոգին ու մարմինը տուաւ իր ժողովուրդին: «Հայր»ացաւ: Իրմէ հողին տրուած մասը` իր պատեանն էր միայն: Ի՛նքը, իր էութիւնը, իրմով չէր, որ կար արդէն. կա՛ր ու այսօ՛ր ալ կը մնայ իր ժողովուրդո՛վ: Անմահներէն էր. ճշմարտօրէն անմեռ այն քիչերէն, որոնք կը շարունակուին իրենց ժողովուրդով: Չեն շիջիր, չեն տժգունիր, չեն խաւարիր: Կը դառնան լուսաւոր հորիզոն եւ իտէալ»:

Իր կարգին, Վահան Փափազեան-Կոմսը կը հաստատէ.

«Կէս դարէ աւելի կը ճանչնայի զինքը` Վարդան Շահպազը: Տարիներով գործակցեցինք եւ օր մը չեղաւ, որ տրտունջ մը լսէի անկէ կամ յոգնութիւն մը նկատէի:

Մեծ խոնարհ մըն էր: 70 տարիներ ուխտեալ մըն էր, որ ոչինչ բաղձած է իրեն համար: Բայց տուաւ ազգին, հայրենիքին եւ իր կուսակցութեան` իր հոգին, սիրտը եւ բովանդակ կեանքը»:

Վարդան Շահպազ բախտաւոր եղաւ, որ քանի մը տարի առաջ դաշնակցական այլ կոմիտէ մը նախաձեռնեց անոր գերեզմանը յարդարելու աշխատանքը: Կը մնայ հրատարակել իր յուշերը, որոնք կը գտնուին «Հայրենիք» ամսագրի թիւերուն մէջ:

***

1950-ական թուականները տերեւաթափ աշուն էր Հայաստանի Հանրապետութեան գործիչներուն համար: Համօ Օհանջանեանը եւ Նիկոլ Աղբալեանը առյաւէտ կը բաժնուէին այս կեանքէն, միայն 15 օրուան տարբերութեամբ. մէկը Եգիպտոս, միւսը` Լիբանան: Ռուբէն Տէր Մինասեանը եւ Լեւոն Շանթը գրեթէ նոյն օրերուն կ՛երթային դէպի յաւիտենութիւն, մէկը Ֆրանսա, միւսը` Լիբանան: Իսկ Դրոն եւ խմբապետ Մուշեղը 12 օրուան տարբերութեամբ կ՛աւանդէին իրենց հոգին, մէկը` Ամերիկա, միւսը` Լիբանան: Այս բոլորը վստահաբար կ՛ուզէին միասին ըլլալ, միշտ միասին ըլլալ հանդերձեալ կեանքին մէջ ալ:

Սասունցի Մուշեղ, խմբապետ Մուշեղ, Մուշեղ Աւետիսեան: Արագածի գագաթներէն մէկուն չափ մեծ, հերոսական աննման դէմք մը` անկասկած: Նոր օրերու Մուշեղ Մամիկոնեան մը: Զանց կ՛ընեմ 1915-էն առաջ իր կատարած բոլոր սխրագործութիւնները, որոնք հերոսական ըլլալու բոլոր տրամադրութիւնները ունին իրենց մէջ եւ կը կեդրոնանամ 1915-էն ետք իր գործունէութեան: 1915-ի Եղեռնին խմբապետ Մուշեղ իր խումբով կը գտնուէր Սասուն. հո՛ն էին նաեւ Ռուբէնի, Կորիւնի եւ այլոց խումբերը: Հինգ-վեց ամիս դիմադրեցին անոնք թրքական եւ քրտական զօրքերուն, իսկ նոյն տարուան սեպտեմբերին ժողովուրդը ապահով փոխադրեցին արեւելեան Հայաստան: Աւելի՛ն. Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն առաջ եւ վերջ, ինք եւ իր ընկերները ձեռնարկեցին այն սրբազան աշխատանքին, որ հայացում կը կոչուի: Ի՛նքն է, որ այս պատմութիւնը կու տայ մեզի հրաշալի պատումով մը` Ռուբէն Տէր Մինասեանի դերակատարութեան: Ռուբէն իր եօթը հատորնոց յուշագրութեան մէջ անձամբ չէ պատմած մեզի հայացման աշխատանքը: Խմբապետ Մուշեղն է, որ պարզ եւ սքանչելի լեզուով մը այս իրականութիւնը կը փոխադրէ մեզի:

Ռուբէններու, խմբապետ մուշեղներու հայացման ծրագիրին եւ գործնականացման շնորհիւ է, որ Հայաստանը այսօր աւելի քան 95 առ հարիւրով հայ է:

***

Ի վերջոյ, Հրաչ Փափազեանը, որ կը զատորոշուի միւս գործիչներէն այն առումով, որ իր գործունէութեան շրջանը կը սկսի Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն անմիջապէս ետք:

«Ծանր պարտականութիւն է ինծի համար, այս եկեղեցիին մէջ, խօսիլ դամբանականը մէկու մը, որ իր ամբողջ կեանքին տեւողութեան գիտակցաբար խուսափեցաւ իր մասին խօսիլ տալէ: Ծանր պարտականութիւն, որովհետեւ հանգուցեալ Փափազեանը եղաւ այնպիսի մեծութիւն մը մեր ազգին մէջ, որ իր մասին գաղափար յայտնելը, կը վախնամ, կարելի չըլլայ եւ պակսեցնէ իր բնական արժանիքները», այսպէս կը սկսէր իր դամբանականը երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. վեհափառը Հրաչ Փափազեանի դագաղին առջեւ, Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ:

Սակաւախօս, համեստ, իր գործերուն մասին երբեք արտայայտուիլ չսիրող, ուրիշներու կողմէ իր ներկայութեան իր մասին եղած գովեստները մերժող, յոգնիլ չգիտցող, գործի մարդու առաքինութիւններով օժտուած յեղափոխական գործիչն էր Հրաչ Փափազեան: Աննախընթաց դէմք մը մեր յեղափոխական պատմութեան մէջ: Մուշեղ Իշխան կը հաստատէ.

«Ո՞ւր էր գաղտնիքը իր հեղինակութեան, իր ուժին եւ իր յաջողութեան: Ինչպէ՞ս բացատրել այն իրողութիւնը, որ ընկ. Հրաչ առաւելաբար դժուարին կացութիւններու մէջ ապահով ելքի ճամբայ գտնող առաջնորդը եղաւ, «դժուարութեանց մարդը», ինչպէս կը կոչէին զինք: Իր ո՞ր յատկութեան շնորհիւ անոր անձը վստահութիւն ներշնչեց միշտ շրջապատին, նոյնիսկ իր գաղափարական հակառակորդներուն:

«Գաղտնիքը պէտք է փնտռել ընկեր Հրաչի բացառիկ խառնուածքին մէջ: Քիչ անգամ մարդու մը անձը այդքան գեղեցկօրէն իրարու կը միացնէ մտքի, սրտի եւ կամքի հաւասարազօր արժէքներ, ստեղծելու համար նկարագրի այն հազուագիւտ ներդաշնակութիւնը, որ մեծ մարդու տիպարը կը յատկանշէ: Բոլոր անոնք որ քիչ թէ շատ մօտէն ճանչցած են զինք, պիտի վկայեն անպայման որ հաւասարակշռութեան մարմնացումն իսկ էր ընկ. Հրաչ Փափազեան: Որքան սառնարիւն դատողութեան մարդ, նոյնքան նուրբ եւ խորունկ զգացումներու տէր, ան գիտցաւ, ամբողջ կեանքի ընթացքին, ըլլալ հեռատես, վճռական, ուժեղ, բայց նոյն ատեն գերազանցօրէն մարդկային, պարկեշտ ու շիտակ»:

Հրաչ Փափազեանին անունը ամուր կերպով կապուած պիտի մնայ 1920-ական թուականներու թուրք ջարդարարներու ահաբեկման աշխատանքին հետ, իբրեւ գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկը: Համարձակութիւնը ունինք հաստատելու, որ առանց իրեն` այդ ահաբեկումները հաւանաբար գլուխ կրնային չելլել:

***

Սիրելի՛ հարազատներ,

Համառօտ կերպով ներկայացուցինք Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ թաղուած Հայաստանի 1918-ի հանրապետութեան գործիչներու կենդանագիրերը եւ գործունէութեան հիմնական դաշտերը:

Նիկոլ Աղբալեան կը յայտնէ. «Երբ մենք եւ մեր հակառակորդները գերեզման իջնենք եւ խոտ բուսնի մեր հողի վրայ, այն ժամանակ կ՛երեւան նոր հայեր, «որ չեն պղծած իրենց լեզուն անէծքով» եւ կը գրեն Դաշնակցութեան եւ իր գործի մասին: Միայն մէկ ժամուան ասպետներն են, որ միամտաբար կարծում են, թէ աղմկալից հայհուչով կարելի է պատմական գործերն այլափոխել կամ եղածը չեղած հռչակել»:

Նիկոլ Աղբալեանի ակնարկութիւնը անոր է, որ 1920-էն մինչեւ տակաւին տասնամեակ մը առաջ մայիս 28-ը կը նկատուէր Թուրքիոյ կողմէ մեզի տրուած բան մը:

Բայց միթէ կարելի՞ է թաղել ճառագայթը: Փաստը այն է, որ այսօր, հայրենի բազմաթիւ պատմաբաններ, առ առաւելն Հայաստանի պետականութիւնը պատմականօրէն աննախընաց իրականութիւն մը կը նկատեն մայիս 28-ը:

Կը հաստատենք առանց դոյզն դեդեւումի, որ եթէ չըլլային այս գերեզմանոցին մէջ թաղուած գործիչները եւ անոնց նմանները` գոյութիւն պիտի չունենար այսօրուան Հայաստանը:

Գործիչներու յիշատակումը ոգեկոչումն է մայիս 28-ի գաղափարախօսութեան, պատմական իրողութեան եւ իրագործումներուն: Այսուհետեւ այս գործիչները մեզի համար անհրաժեշտ ներշնչարանը պէտք է որ ըլլան այժմու եւ ապագայ գործունէութեան: Այլ խօսքով, յիշատակի այս ձեռնարկը դաստիարակիչ բան մը պէտք է ունենայ իր մէջ անտարակոյս մեր բոլորիս վրայ: Գարեգին Նժդեհ կը հաստատէ.

«Իր ընտիր մեռելների պաշտամունքը չու-
նեցող ժողովուրդը` ապերախտ ու բարբարոս,
անարժան է անկախ հայրենիքի, որը միշտ էլ
նահատակների սրբազան աճիւնից կը բարձրանայ:
«Իր նահատակների, իր անմահների դէմ
մեղանչող ժողովուրդը մեծապէս մեղանչում
է իր ապագայի դէմ:

«Մի ժողովրդի հզօրագոյն զինակիցները
պատերազմի ժամանակ նախ եւ առաջ իր մեծ
մեռելներն են:

«Խեղճ է այն ժողովուրդն, որն իր պայքա-
րի եւ խոյանքների ժամանակ չի զգում, թէ
իրեն աներեւութաբար զօրավիգում են իր մեծ
մեռելները»:

Սիրելի՛ ընկերներ եւ բարեկամներ,

Խմբապետ Մուշեղը իր կեանքի մէկ հանգրուանին կը գտնուէր Յունաստան: Այնտեղի ընկերներու պնդումներուն վրայ Ֆիքսի եկեղեցիին մէջ տուաւ բանախօսութիւն մը, որուն ընթացքին իսկապէս յուզուեցաւ, մանաւանդ երբ խօսեցաւ իր զէնքի ընկերոջ` Համազասպի կացինահարման մասին Փետրուարեան ապստամբութեան նախօրեակին: Հանդէսէն ետք, երբ խումբ մը ընկերներ ճաշի կը տանին զինք, հոն ալ կը պոռթկայ եւ մանուկի մը պէս կը սկսի լալ` զէնքի իր ընկերները յիշելով:

Յետոյ կու գայ Լիբանան, Յունաստանէն իր մեկնումի օրը հայրական շեշտով մը կ՛ըսէ իրեն ճամբու դնող ընկերներուն. «Հաւատարիմ մնացէք Դաշնակցութեան եւ բարձր բռնեցէք անոր դրօշակը»:

Խմբապետ Մուշեղի հետեւութեամբ մեր կարգին կ՛ըսենք. հաւատարիմ մնանք Դաշնակցութեան` անոր ընտրեալ մեռելներու գծած ուղիէն քալելով, եւ բարձր բռնենք հայութեան եւ դաշնակցութեան դրօշը:

 

27 մայիս, 2012

Leave a Reply

Advertisement