Saturday May 18, 2013

Փորձ-Հարցարան. Կազմակերպուա՞ծ Էք, Թէ…

By adminx - Thu May 31, 5:32 am

Ընդհանրապէս տան մէջ ամէն բան հեզասահ կ՛ընթանա՞յ: Թէ՛ որպէս մայր եւ թէ՛ որպէս տանտիկին` հաւասարապէս կը կատարէ՞ք ձեր պարտականութիւնները, թէ՞ տուժող մը կայ վերջին հաշուով… Կը պատահի՞, որ ձեր գործերը ձեր գլուխէն վեր ըլլան եւ յուսահատութեան ու հոգեկան անկումի պահեր ապրիք…

Պատասխանեցէ՛ք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէ՛ք վերջնական արդիւնքը:

1

Ի՞նչ նշանակութիւն ունի ժամացոյցը ձեզի համար:

ա.- Ձեռքի գեղեցիկ ու թանկարժէք զարդարանք մը:
բ.- Սովորական աքսեսուար մը:
գ.- Անփոխարինելի իր մը:

2

Տեւաբար այն զգացումը ունիք, որ`

ա.- Կը ձանձրանաք:
բ.- Սպառած էք եւ թերացած էք ձեր պարտականութիւններուն մէջ:
գ.- Լաւ կազմակերպած էք ձեր ժամանակը:

3

Պէտք է որ ձեր զաւակը առնէք դպրոցէն, սակայն նոյն ժամուն կարեւոր ժամադրութիւն մը ունիք:

ա.- Իրար կ՛անցնիք եւ չէք գիտեր` ի՛նչ ընել:
բ.- Բարեկամուհիի մը օգնութեան կը դիմէք:
գ.- Հարց չկայ, ձեր դրացուհիին կը վստահիք ձեր զաւակը դպրոցէն առնելու պարտականութիւնը:

4

Երբ հանրախանութ կ՛ուղղուիք գնումի`

ա.- Ձեզի հետ կ՛առնէք թուղթի կտոր մը, որուն վրայ արձանագրած կ՛ըլլաք մէկ-երկու ապրանքի անուն:
բ.- Տեղւոյն վրայ կ՛որոշէք ու կը կատարէք ձեր գնումները:
գ.- Գնումներու մանրամասն անուանացանկ մը կը վերցնէք ձեզի հետ:

5

Ձեր զաւկին պահարանին մէջ

ա.- Իւրաքանչիւր դարան գոյն մը ներկուած է:
բ.- Կատարեալ արշակաւան մըն է:
գ.- Իւրաքանչիւր ապրանք իր տեղը ունի, կատարեալ դասաւորումով:

6

Երբ հեռաձայնով կը խօսիք, ձեր առջեւ գտնուող թուղթի կտորին վրայ ի՞նչ կը գծէք անզգալաբար…

ա.- Գեղեցիկ ծաղիկներ:
բ.- Ձեր եւ ձեր զաւկին անունը կը գրէք:
գ.- Երկրաչափական գիծեր կը քաշէք:

7

Ի՞նչ կարելի է գտնել ձեր ձեռքի պայուսակին մէջ:

ա.- Ձեռքի սեր եւ ուտելիք` ձեր զաւկին:
բ.- Ծխախոտ եւ ճմռթկուած թաշկինակներ:
գ.- Անուշահոտի սրուակ մը եւ «աժենտա» մը:

ԱՐԴԻՒՆՔ

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, խորքին մէջ այնքան ալ մտահոգուած չէք կազմակերպուած ըլլալով, ոչ ալ կատարելապաշտ մըն էք: Երբեք խուճապի չէք մատնուիր, նոյնիսկ` թերացումներու պարագային, այլ կը պահէք ձեր պաղարիւնութիւնը եւ կը փորձէք կարելի եղածին չափ արագ ձեռք առնել կացութիւնը:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, ի՛նչ ալ ընէք, կազմակերպուածութիւնը ձեզմէ վեր բան մըն է, եւ հազուադէպօրէն կը հասնիք ձեր պարտականութիւնները կատարելու եւ աւարտելու: Տեւաբար կորսուած եւ ջղագրգիռ վիճակ ունիք: Ժամանակն է, որ վերատեսութեան ենթարկէք ձեր ընթացքը:

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, կազմակերպուած եւ ձեր պարտականութիւններուն տէր անձ էք, հաւասարապէս կը հասնիք ձեր տան գործերուն եւ ընտանիքին եւ կը վայելէք հաւասարակշռուած, գիտակից եւ պարտաճանաչ կնոջ համբաւը:

 

Ձեռային Աշխատանք

Ի՞Նչ Կարելի Է Ընել Հինցած Ճինզ
Բաճկոնով Կամ Տաբատով

Ա.- Կախիչ

Եթէ հինցած եւ անգործածելի ճինզ տաբատ մը ունիք, մկրատով մը ուշադիր կտրեցէք եւ անջատեցէք անոր մէջքի, գօտիի բաժինը, ապա զայն հաստատեցէք ձեր զաւկին պահարանի փեղկին վրայ: Երեք տարբեր տեղերէ մէկական կախիչ գամեցէք, որպէսզի ան կարենայ զանազան իրեր կախել, ինչպէս` վզկապ, զարդեղէն եւ այլն…

Բ.- Բջիջայինի պայուսակ

Հինցած, անգործածելի ճինզ բաճկոնի մը թեւին ծայրամասերը կտրել, կարի մեքենայով կամ ձեռքով մէկ ծայրը կարել եւ ահա ձեր զաւկին բջիջայինը կ՛ունենայ իւրայատուկ պայուսակ մը:

Գ.- Դասաւորումի տախտակ

Ձեր փափաքած չափով տախտակի կտոր մը կտրել տուէք եւ վրան հաստատեցէք ճինզ տաբատի եւ բաճկոնի տարբեր մասեր, որոնք օժտուած ըլլան գրպաններով:

Տեղ-տեղ նաեւ փոքրիկ կախիչներ գամեցէք եւ ահա կ՛ունենաք հետաքրքրական դասաւորումի տախտակ մը:

Այս տախտակը կարելի է կախել պատի մը վրայ եւ կամ տեղաւորել սեղանի մը վրայ եւ գրպաններուն մէջ զետեղել գրենական պիտոյքներ, իսկ կախիչներէն կախել բանալիներ, զարդեղէններ եւ այլն…

 

 

Հետաքրքրական

Արդարութեան Զգացումը
Երեխաներուն Մօտ

Հոգեբաններ յայտնաբերած են, որ երեխաներու արդարութեան զգացումը ի յայտ կու գայ կեանքի առաջին իսկ տարիէն: Այսպէս, 15 ամսու երեխաները արդէն կ՛ընկալեն խաղալիքներու արդար ու անարդար բաժանումը: Հոգեբաններուն դիտարկումները ցոյց կու տան, որ արդարութեան չափանիշները աւելի կանուխ կը ձեւաւորուին, քան` մինչեւ վերջերս ընդունուածը: Արդարեւ, ընդունուած էր, որ երեխային մօտ արդարութեան զգացումը ի յայտ կու գայ 6 – 7 տարեկանին:

Հոգեբանները հետաքրքրական փորձեր կատարած են մէկուկէս տարեկան 47 երեխաներու վրայ, անոնց ցուցադրած են տեսերիզ մը, ուր չափահաս երկու երեխաներու կրկնեփ եւ կաթ կը բաժնէ: 47 երեխաները զարմանք եւ վրդովում արտայայտած են, երբ տեսած են, որ կաթի եւ կրկնեփի բաժանումը անհաւասար ձեւով կատարուած է եւ երեխաներէն մէկը միւսէն աւելի կամ պակաս ստացած է:

Երկրորդ հանգրուանին երեխայէ մը խնդրած են, որ իր խաղալիքը միւսին տայ, 47 երեխաները հաճոյքով կատարած են թելադրանքը, երբ միւս երեխային ձեռքը խաղալիք չկայ, իսկ ըլլալու պարագային` անոնք մերժած են թելադրանքը գործադրել:

Հոգեբանները եզրակացուցած են, որ երեխաներուն 90 առ հարիւրը առաջնորդուած էր արդարութեան զգացումով…

 

Խոհագիր

Կանաչեղէնով Ձուածեղ

Բաղադրութիւն

- Խաշած գետնախնձոր մը
- Կանաչ պղպեղ մը` մանր կտրտուած
- Կարմիր պղպեղ մը` մանր կտրտուած
- Միջակ սոխ մը` մանրուած
- Երկու կանաչ սոխ` մանրուած
- 6 – 7 հաւկիթ
- Աղ
- Ճերմակ փոշի պղպեղ
- Երկու պիրկ լոլիկ` մանրուած
- 4 ապուրի դգալ բուսական իւղ

Պատրաստութիւն

Խաշած գետնախնձորը քերոցէ անցընել:

Տապակին մէջ տաքցնել իւղը: Խորունկ ամանի մը մէջ «զարնել» հաւկիթները, աւելցնել գետնախնձորը, լոլիկը, սոխը, պղպեղները, երկու տեսակ սոխը, աղն ու ճերմակ պղպեղը, միատեղ խառնել եւ թափել տաք իւղին վրայ:

Մէկ երեսը կարմրելէ ետք, ձուածեղը զգուշութեամբ միւս երեսը դարձնել եւ կրկին եփել:

Փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, զարդարել վարունգի եւ լոլիկի շերտերով եւ մանրուած ազատքեղով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Մայմուն     

Մայմուն որ կ՛ըսեմ կապիկ չկարծէք
Տան սեւ փիսիկին անունն է
Փիսիկ որ կ՛ըսեմ աղուոր չկարծէք
Աշխարհին ամէնէն տգեղ կատուն է

Սեւ որ կ՛ըսեմ սեբ-սեւ չկարծէք
Սեւութեանը մէջ աչքերը դեղին են
Դեղին որ կ՛ըսեմ արեւ չկարծէք
Արեւը մէկ է – աչքերն երկու են

Երկու որ կ՛ըսեմ զատ-զատ չկարծէք
Երկուքին խորն ալ երազը մէկ է
Երազ որ կ՛ըսեմ մեծ բան չկարծէք
Մարդու մը կողմէ սիրուիլն է

ԶԱՀՐԱՏ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Leave a Reply

Advertisement