Saturday May 18, 2013

Ճատրակ. Գաբրիէլ Սարգսեան Տիրացաւ Շիքակոյի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսին

By adminx - Wed May 30, 5:55 am

Գաբրիէլ Սարգսեան

Համաշխարհային ճատրակի ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան, հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան տիրացաւ Շիքակոյի (Միացեալ Նահանգներ) ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7 կէտ: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 73 կրանտմասթըրներ եւ մասթըրներ:

Սարգսեան ստացաւ 30 հազար ամերիկեան տոլարի պարգեւ մըն ալ, մինչ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները`  յաջորդաբար 20 եւ 15 հազար ամերիկեան տոլար:

Մրցաշարքին ընդհանուր գումար յատկացուած էր 100 հազար ամերիկեան տոլար:

 

Leave a Reply

Advertisement