Հանդիպում Թորոս Թորանեանին Հետ
By adminx - Wed May 30, 5:36 am
- 0 Comments
- 59 views
- Tweet
Email
Print
ՀԲԸՄ-Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան Լիբանանի սանուց միութիւնը կազմակերպած էր «Հանդիպում` Թորոս Թորանեանին հետ» հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 17 մայիս 2012-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀԲԸՄ-ի եւ ՄԿՀ-ի քայլերգներով: Օրուան հանդիսավարն էր Մելգոնեան սանուցի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արմէն Իւրնէշլեան: Ան իր հակիրճ խօսքին մէջ շեշտը դրաւ ոչ այն մարդոց վրայ, որոնք իրենց երեկոները կ՛անցընեն հեռատեսիլի առջեւ նստած ու կը դիտեն օրուան անցուդարձերու շարանը, առանց անդրադառնալու ժամանակի վատնումին, այլ այն քիչերուն վրայ, որոնք նուիրուած են գիրի, գրականութեան ու արուեստի: Թորոս Թորանեանը այն քիչերէն է, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ գիրին: Շարունակելով իր խօսքը Իւրնէշլեան ըսաւ, որ աշխարհացրիւ մելգոնեանցիներ երբեք չեն հրաժարած իրենց սիրելի հաստատութեան վերաբացման նպատակակէտէն եւ այդ ուղղութեամբ կը շարունակեն իրենց պայքարը:
Օրուան առաջին խօսողներէն Վեհան Պետիրեան ներկայացուց Թորանեանի կենսագրականը: Ան ըսաւ, թէ Թորանեան ծնած է Հալէպ 1928-ին, այնթապցի հօրմէ ու մօրմէ, Խաչեր Թորանեան եւ Վարդուհի Արոյեան ամոլէն: Հայրը կանուխէն կը մահանայ ետին ձգելով երկու տարեկան Թորոսը եւ քոյրը` Մաքրուհին: Մայրը հետագային կրկին կ՛ամուսնանայ տէօրթեոլցի Կարապետ Լեփեճեանի հետ, որ իր նախորդ կինէն ունէր աղջիկ զաւակ մը: Նոր պսակուածները կ՛ունենան երկու աղջիկ եւ մէկ մանչ, այնպէս որ Թորոս ինքզինք կը գտնէ բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ:
Թորոսը Հալէպի մէջ մէկէ աւելի դպրոցներ յաճախելէ ետք պատանեկութեան սեմին կը մտնէ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն: Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներն էին, Թորոսը խանդավառ կարմիր բանակի յաղթանակներով կը հակի ձախակողմեան շարժումներուն: 1946-1947 ներգաղթի շրջանն է: Թորոս կէս կը ձգէ ուսումը Մելգոնեանի եւ կը վերադառնայ Հալէպ` ընտանեօք Հայաստան մեկնելու համար: Դժբախտաբար այս ծրագիրը կը ձախողի: Ան զանազան գործերու կը ձեռնարկէ: Ան 1954-ին Պէյրութի մէջ կ՛ամուսնանայ Արմենուհի Մարտիրոսեանին հետ, կ՛ունենան երկու զաւակ` Անին ու Արան: Շրջան մը Լիբանան մնալէ ետք անոնք ընտանեօք կը մեկնին Պուլկարիա, ուր համալսարանին մէջ Թորոսը կը հետեւի տնտեսագիտութեան ճիւղին: Համալսարանը չաւարտած Թորոսը ընտանեօք կը վերադառնայ Դամասկոս: Շրջան մը Դամասկոս մնալէ ետք Թորանեան կը հաստատուի Լիբանան: Թորանեան կանուխէն յօդուածներ կը ստորագրէ զանազան թերթերու մէջ: Քանի մը ընկերներով կը հիմնեն «Գրական շրջանակ» միութիւնը` կազմակերպելով բազմաթիւ գրական երեկոյներ: 1963-ին, ընտանեօք կը մեկնին Հայաստան, ու հոն ընտանեօք կ՛ուսանին: Ինքը եւ կինը շրջանաւարտ կ՛ըլլան բժշկական հիմնարկէն ու 1970-ին կը վերադառնան Հալէպ: Թորանեան շրջան մը բժշկութեան ասպարէզին (անեսթեզիսթ) ծառայելէ ետք հանգստեան կը կոչուի ու ամբողջութեամբ կը նուիրուի գիր ու գրականութեան: Ան գրած, խմբագրած ու տպագրութեան տուած է, բանաստեղծութեան, արձակի եւ զանազան մարդոց կենսագրութիւնը ներկայացնող 200-է աւելի գիրքեր:
26 հոկտեմբեր 2011-ին կը մահանայ Թորանեանի կինը` Արմենուհին:
Տոքթ. Թորոս Թորանեան եզակի է մեր գրականութեան պատմութեան մէջ իր արտադրած գործերուն քանակով ու այլազանութեամբ:
Պետիրեանի խօսքէն ետք Թորանեանի դուստրը` Անի Թորանեան-Գրիգորեան կարդաց Թորանեանի «Կեանքի կեռմաններով» հատորին «Վանայ կատուն» պատմուածքը: Ապա Կանաչեան երաժշտանոցէն շրջանաւարտ Խաժակ Խաչատուրեան ջութակի վրայ հանդիսականներուն ներկայացուց Կոմիտասի մեղեդիներէն «Երկինքը ամպեր է», «Հոյ նազանիմ» եւ «Ալայլուղս»:
Թորոս Թորանեան գրողին անդրադարձաւ օրուան երկրորդ բանախօս Անժել Միսիսեան: Ան իր խօսքին սկսաւ հետեւեալ հետաքրքրական նշումով.
«Կա՞յ արդեօք աշխարհի վրայ տեղ մը, քաղաք մը, բեմ մը, հայկական համայնք մը, որ չճանչնան Թորոս Թորանեանը: Մա՞րդ է ան, թէ՞ սնդիկ, ձայնը մերթ կու գայ Հալէպէն, մերթ Պէյրութէն, մերթ Հայաստանէն, մերթ Եւրոպայէն, Ամերիկաներէն կամ Աւստրալիայէն, յանկարծ Ծայրագոյն Արեւելքէն, Չինաստան, Հնդկաստան, այսինքն` հոն է, ուր հայ կայ, հայկական հետաքրքրութիւններ կան, հայրենակարօտ հայեր կան, հայ բառ ու բանի եւ մշակոյթի սէր կայ, իսկ այսօր այստեղ է ան, սփիւռքի նախարարը նախքան նախարարութեան հիմնուիլը, Հայաստանի դեսպանը` նախքան դեսպանութիւններու գոյութիւն ունենալը, եւ սփիւռքի անկոչ դեսպանը` ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի»:
Միսիսեան շարունակելով իր խօսքը ըսաւ. «Թորանեան ունեցաւ ուժն ու կամքը արհամարհելու ճակատագրի դառն տնօրինութիւնը եւ ահա այսօր կը ներկայանայ մեզի 210 անուն գիրքերով, զորս կա՛մ հեղինակած է, կա՛մ թարգմանած ու հրատարակած է, կա՛մ խմբագրած ու հրատարակած:
Թորանեան գրական ասպարէզ մուտք գործած է չափածոյ ստեղծագործութիւններով: Բանաստեղծութիւններուն առաջին հատորը` «Աստղերու ճամբան», լոյս տեսած է 1960 թուականին, Պէյրութ:
Թորանեան ունեցաւ խանդն ու նախանձախնդրութիւնը իր խոհերուն բոլոր թնճուկները յանձնելու թուղթին` հարստացնելով հայ գրականութիւնը չափածոյ 16 հատորներով: Այդ հատորներու հիմնական նիւթը կը կազմեն հայրենիքը, այսինքն` հայատրոփ ապրումները, սէրը եւ խոհական գործերը:
Բանաստեղծութիւն կամ արձակ Թորանեան իր բոլոր գիրքերուն մէջ կ՛առաջնորդուի իր ենթագիտակցութեան մէջ ամրօրէն տեղաւորուած զգացումով մը, որ իր բարութիւնն է: Այդ զգացումը բնազանցական վիճակ մըն է իր մօտ, անսահման է անըմբռնելի ըլլալու չափ: Թորանեան բազմաթիւ պատմութիւններ գրի առած է Եղեռնէն վերապրողներու մասին, բայց անէծք ու թոյն չունի թուրքին դէմ:
Թորանեանի արձակը նիւթի առումով ունի այնպիսի բազմազանութիւն, որ սերտող աշակերտը կրնայ շշմիլ ու անճրկիլ: Եղեռնը վերապրածներու կենդանի վկայութիւններ, հանդիպումներ ու յուշագրական էջեր, տպաւորապաշտ էջեր, օրագրութիւն, դիմապատկերներ, սա կամ նա երեւոյթին նուիրուած ուսումնասիրութիւններ, արուեստի հարցեր, պատումներ: Թերթելով այդ էջերը` կը հանդիպինք անսպառ ծանօթութիւններու համաշխարհային արուեստի աշխարհին ու արուեստագէտներու մասին, հայ մշակոյթի, հայ գրողներու ու հայոց պատմութեան մասին, սփիւռքահայ մարդոց ու սփիւռքահայ հարցերու մասին:
Միսիսեան եզրափակեց իր խօսքը` մաղթելով տոքթոր Թորանեանին երկար ու առողջ կեանք եւ նորանոր նուաճումներ` ի փառս Մեսրոպ Մաշտոցին ու անոր գիրով ստեղծուած մշակոյթին:
Հանդիսութեան վերջաւորութեան երգով ելոյթ ունեցաւ կրկին Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցի շրջանաւարտներէն Կարօ Քելեշեան` հանդիսականներուն հրամցնելով երկու երգ, «Աշնան երգ» (խօսք` Յովհաննէս Թումանեանի, երաժշտութիւն` Ռոմանոս Մելիքեանի), իսկ երկրորդ` «Գետակի վրայ թեքուել է ուռին» (խօսք` Աւետիք Իսահակեանի):
Թորոս Թորանեան իր սրտի խօսքին մէջ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Մելգոնեան սանուց միութեան, որ կազմակերպած էր այս գեղեցիկ երեկոն, հանդիսութեան մէջ բաժին ունեցող խօսողներուն եւ արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ ներկաներուն, որոնք ձգած իրենց առօրեայ մտահոգութիւնները, եկած էին կրկին իրեն հանդիպելու: Ան իր հակիրճ խօսքին մէջ շեշտը դրաւ հայրենիքի հետ ըլլալու անհրաժեշտութեան վրայ, որովհետեւ ան մեր գոյութեան միակ գրաւականն է, ոչ մէկ յոյս կայ օտար երկիրներէն: Վերջացնելով իր խօսքը` ան մէջբերում ըրաւ զօրավար Անդրանիկէն` «երբեք չհաւատալ թուրքին», խօսինք թուրքին հետ միայն պահանջատիրական անկիւնէն եւ ոչ թէ ողորմութիւն խնդրողի վիճակէն:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ
- 0 Comments
- 59 views
- Tweet
Email
Print



