Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» Մասնաճիւղին «Ժորժ Սարգիսեան» Թատերական Միաւորին Ելոյթը
By adminx - Wed May 30, 5:33 am
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print
Տուպայի եւ հիւսիսային էմիրութեանց հայ գաղութը յաճախ առիթը ունեցած է վայելելու գեղարուեստական տարբեր տեսակի ձեռնարկներ, պարահանդէսներ, դասախօսութիւններ, տօնակատարութիւններ եւ այլն, բայց միշտ կարօտով սպասած է թատերական ներկայացումներուն, որոնք հասկնալի պատճառներով միշտ ալ հազուադէպ եղած են գաղութի կեանքին մէջ:
Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղը, հաւատարիմ իր առաքելութեան, իր հիմնադրութենէն անմիջապէս ետք սկսաւ մտածել թատերական ներկայացումով մը հանդէս գալու մասին եւ անցաւ այդ ուղղութեամբ ենթահող պատրաստելու աշխատանքին: Թատերական յանձնախումբը, մասնաճիւղի վարչութեան հետ համատեղ, այս գաղափարը իրականացնելու համար անցաւ գործնական աշխատանքի, ընտրեց ներկայացուելիք նիւթը` Ժագ Ս. Յակոբեանի «Կռունկը կը կանչէ» ներկայացումը եւ ապա հրաւիրեց գաղութին վաստակաշատ արուեստագէտ Նորայր Գազանճեանը` ստանձնելու համար թատերգութեան բեմադրութիւնը:
Երեք ամիսներու վրայ երկարող թատերական այս դժուարին աշխատանքը ի վերջոյ իր արդիւնքը տուաւ 30 մարտ 2012-ին, երբ բեմ բարձրացան խումբ մը թատերասէր երիտասարդներ, «Ժորժ Սարգիսեան
թատերական միաւոր» անունին տակ եւ ներկայացուցին իրենց աշխատանքը:
Բնականաբար անթերի ու կատարեալ գործ մը ըմբոշխնելու ակնկալութիւնը չունէր հանդիսատեսը, երբ այնտեղ չկային արհեստավարժ ու գործին հմուտ մասնագէտներ, սակայն այնտեղ կար այն խոր գիտակցութիւնը, թէ նոյնիսկ անփորձ անձնակազմով կարելի է յաջողութիւն արձանագրել եւ լուրջ տպաւորութիւն փոխանցել հանդիսատեսին: Աւելի քան երկու ժամ տեւողութեան, հանդիսատեսը մնաց միշտ լարուած վիճակի մէջ` սպասելով յաջորդ արարի իրադարձութիւններուն: Հակառակ այն իրողութեան, որ շատեր նոյն կտորին բեմադրութեան ներկայ եղած էին մէկէ աւելի անգամներ տարբեր գաղութներու մէջ, բայց դարձեալ ապրեցան նոյն վայելքը, ինչ որ ունեցան միւս հանդիսատեսները:
15 դերակատարներէն միայն երկուքը թատերական փորձ ունեցած են անցեալին գաղութին մէջ, անոնք են` Սեդա Մանկասարեան-Պալիօզեանն ու Ալիս Մսըրլեանը, որոնք, ինչպէս միշտ, մեծ վարպետութեամբ ու դերասանական անթերի հմտութեամբ կատարեցին իրենց դերերը` արժանանալով հանդիսատեսի բուռն գնահատանքին:
Մարտօ Յովսէփեանին եւ Մասիս Քահքեճեանին դերասանական տաղանդները չէին կրնար վրիպիլ հանդիսատեսին ուշադրութենէն: Անոնք յաջողութեամբ կրցան ներկայացնել իրարու հակադրուող կերպարներ: Ազգասէր մարդու եւ ազգութիւնը ուրացող անհատի բախումը իր խոր ներգործութիւնը ունեցաւ հանդիսատեսի հոգիին մէջ:
Ստեփի դերով ներկայացող Ճորճ Արտակ Էլէյճեանին երկուութեան տառապանքը նոյնպէս հասաւ հանդիսատեսին: Հա՞յ, թէ աւստրալիացի, այս ի՞նչ անբնական բախում մը յառաջացաւ իր հոգիին մէջ, երբ իմացաւ իր հայկական ծագումը, երբ կռունկը կանչեց զինք… Այդ կանչը իր արեան կանչն էր` իր արմատներէն բխող:
Մարիա Պաղտոյեանը, իբրեւ աւստրալիացի, երբեք պիտի չկարենար հասկնալ այն հոգեկան տագնապը, որ կ՛ապրէր իր սիրած տղան` Ստեփը, որովհետեւ կռունկին կանչը զինք չէր խռովեր, երբ ինք հայու արիւն չունէր իր երակներուն մէջ:
Նոյնը չէր սակայն պարագան Շաղիկ Էլէյճեանին, որ թէեւ Աւստրալիա ծնած հայ աղջիկ էր, բայց կրնար հասկնալ ու ըմբռնել Ստեփին հոգեկան խռովքը, որովհետեւ հայեցի դաստիարակութեամբ հասակ նետած էր եւ հայօրէն կ՛ապրէր ու կը մտածէր:
Նազարէթ Էլէյճեան, Ալեն Դաւիթեան, Յակոբ Մանուէլեան, Սեւակ Ղազարեան եւ Խաչիկ Մանճիկեան կրցան յաջողութեամբ ներկայացնել հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող միջկուսակցական բախումները եւ անոր որպէս արդիւնք` հայկական գաղութներուն մէջ շարունակուող կազմակերպական կեանքի դիմագրաւած դժուարութիւնները:
Նժդեհ Գալլեշեանն ու Նաթալի Պաղտոյեանը նոյնպէս կրցան յաջողութեամբ ներկայացնել իրենց ստանձնած կերպարները: Իսկ փոքրիկն Գէորգ Գազանճեանը հանդէս եկաւ իբրեւ ապագայի խոստմնալից դերասան:
Իբրեւ ընդհանուր երեւոյթ` խորապէս ակնյայտ էր բեմադրիչ Նորայր Գազանճեանի մասնագիտական ու բծախնդիր ներդրումը այս աշխատանքին մէջ: Ան, բեմադրութեան կողքին, ստանձնած էր նաեւ բեմական ձեւաւորումը, երաժշտութիւնն ու լուսաւորումը, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունին թատրոնին յաջողութեան մէջ:
Ինչպէս որեւէ թատերական աշխատանք, այս աշխատանքը նոյնպէս վարագոյրի ետեւ աշխատող մեծ թիւով անձնակազմ ունեցաւ, յուշարարէն սկսեալ (Լիզա Գարաճեան) մինչեւ տեքորի (Ճիւան Յովհաննիսեան, Րաֆֆի Գազանճեան), դիմայարդարի (Դալար Ապեճեան), զգեստներու (Մարալ Մանճիկեան, Լենա Գազանճեան) եւ ձայնաւորումի (Վարագ Գազանճեան) աշխատանքները ստանձնող աշխատակիցներ, որոնք իրենց հերթին իրենց նպաստը բերին այս աշխատանքի յաջողութեան: Վարձքը կատար բոլոր անձնակազմին անխտիր:
Կը յուսանք, որ Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղը, իր այլ ծրագիրներու կողքին, «Ժորժ Սարգիսեան» թատերական միաւորի աշխատանքները ըստ արժանւոյն կը քաջալերէ` մի՛շտ նպաստելով թատրոնի զարգացման եւ հայ մշակոյթի տարածման:
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print



