Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Կը Շնորհաւորէ Հայութիւնը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 94-Ամեակին Առիթով
By adminx - Mon May 28, 12:18 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը մայիս 28-ի առիթով, օր մը, որ իրականութիւն դարձուց հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը եւ հիմք դրաւ այսօրուան անկախ պետականութեան:
Նախագահ Բակօ Սահակեան իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշեց, որ հակառակ անոր, որ երկար չգոյատեւեց Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութիւնը, այսուհանդերձ մեծ է անոր ձգած դասը հետագայ սերունդներուն համար:
«Արցախեան ազատամարտը Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսական շարունակութիւնն էր, որ համախմբեց համայն հայութիւնը եւ արձանագրեց փառաւոր յաղթանակ: Միասնական ոգիի եւ հաւաքական կամքի, արդարութեան եւ սեփական ուժերու նկատմամբ հաւատքի յաղթանակ: Հայ ժողովուրդը ապացուցեց, որ կրնայ պաշտպանել իր հայրենիքը եւ կառուցել ազատ ու անկախ պետութիւն», ընդգծեց նախագահ Սահակեան` աւելցնելով. «Ազատութիւնը, անկախութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը այսօր ալ սուղ արժէքներ են մեզի համար եւ կը հանդիսանան հայկական երկու հանրապետութիւններու կայացման ու զարգացման անբաժանելի մասը»:
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print



