Արամ Ա. Կաթողիկոսը Խստիւ Դատապարտեց Սուրիոյ Հոմս Քաղաքի Հայոց Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Յարձակումը
By adminx - Fri May 25, 2:50 am
- 0 Comments
- 82 views
- Tweet
Email
Print
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ այս օրերուն պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Իրան` լսելով Սուրիոյ Հոմս քաղաքի հայոց եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման մասին, անմիջապէս հանդէս եկած է դատապարտող յայտարարութեամբ, որուն մէջ մասնաւորապէս կը շեշտուի.
«…. Կրօնական եկեղեցական կեդրոններու եւ սրբութիւններու դէմ յարձակումը խստօրէն դատապարտելի է մեր կողմէ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ըստ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին, Արամ Ա. կաթողիկոս յոյս յայտնած է, որ Սուրիան շուտով վերագտնէ իր խաղաղութիւնն ու միասնութիւնը:
Վեհափառը նաեւ ընդգծած է. «…. Հայ ժողովուրդը երախտապարտ է Սուրիոյ ժողովուրդին, որ ժամանակին իր գիրկը առաւ հայ ժողովուրդի զաւակները` Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայորդիները: Հայ ժողովուրդը, ինչպէս միշտ, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սուրիոյ ծաղկման ու, յատկապէս, խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման»:
- 0 Comments
- 82 views
- Tweet
Email
Print



