Հակառակ Տրուած Յուսադրիչ Խոստումներուն Հալէպի Մէջ Լիբանանցի Առեւանգեալներու Ճակատագիրը Հետզհետէ Կը Ստանայ Խորհրդաւոր Բնոյթ
By adminx - Fri May 25, 3:00 am
- 0 Comments
- 80 views
- Tweet
Email
Print
Հակառակ զանազան կողմերու պատասխանատուներու տուած յուսադրիչ խոստումներուն, Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցի ուխտաւորներուն ճակատագիրը հետզհետէ կը ստանայ խորհրդաւոր բնոյթ, յատկապէս ենթադրեալ առեւանգիչ զանազան կողմերուն յայտարարած հակասական եւ անորոշ տեղեկութիւններուն լոյսին տակ:
Այս իմաստով ենթադրեալ առեւանգիչ կողմերէն ընդդիմադիր Սուրիական ազատ բանակը հերքեց իր պատասխանատուութիւնը նշեալ դէպքին գծով:
Մինչ այդ ընդդիմադիր Բանակի ազատականներու խմբակը յայտնեց, որ քուլիսային ճիգերը կը շարունակուին առեւանգեալներու ազատ արձակման համար, միաժամանակ հերքելով այդ խմբակի ուղղակի առնչութիւնը առեւանգումի դէպքին հետ:
Առեւանգեալներու ընտանեկան պարագաներն ու զօրակիցները շարունակեցին իրենց բողոքի ելոյթներն ու նստացոյցերը: Առեւանգեալներէն մէկուն զաւակը բացայայտօրէն իր եւ մնացեալներու ընդվզումը արտայայտեց` անուղղակիօրէն սպառնալով փոխադարձ առեւանգումի քայլերու դիմել, եթէ տրուած խոստումները չիրականանան:
Սուրիական ընդդիմադիր այլ խմբաւորում մը յայտնեց, որ առեւանգեալներուն մէջ կը գտնուին Հըզպալլայի պատասխանատու տարրեր:
Ընդդիմադիր Սուրիական ազատականներու կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար շէյխ Իպրահիմ Զոհպի պատկերասփռուած յայտարարութեամբ յայտնեց, որ առեւանգումը կատարուած է սխալ տեղեկութեանց հիման վրայ` այն իմաստով, որ անհիմն տեղեկութիւններ հասած էին իրենց, թէ նշեալ առեւանգեալներու խումբը եկած էր օժանդակելու սուրիական վարչակարգին: Ներկայիս ճիգերը կեդրոնացած են առեւանգեալները Սուրիայէն ապահով Լիբանան հասցնելու միջոցառումներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ սուրիական բանակը պաշարած է անոնց գտնուած վայրին մերձակայ շրջանները: Ան հերքեց, թէ առեւանգեալները Թուրքիա փոխադրուած են: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ առեւանգեալներէն գէթ մէկ պատանդ շատ հաւանաբար շուտով ազատ արձակուի եւ պարզէ իրականութիւնը: Նաեւ հաւանական նկատուեցաւ այս իմաստով տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը:
Երեկոյեան սուրիական բանակէն անջատուած գնդ. Հուսամ Աուաք մերժեց «առեւանգում» որակել լիբանանցի ուխտաւորներու արգելափակումը Հալէպի մէջ` նշելով, որ յետ հարցաքննութեանց պարզուած է, որ անոնց մէջ Հըզպալլայի ղեկավարներ կան: Անոնք, ըստ գնդ. Աուաքի, հեռադիտակով զանազան վայրեր կը զննէին` կասկածներ առթելով իրենց շուրջ:
Գնդ. Աուաք արգելափակեալներու փոխանակման կողքին Հըզպալլայէն պահանջեց յետս կոչել եւ «տուն կանչել «Սուրիոյ մէջ գործող իր թիւ 101, 102 եւ 103 փաղանգները, ազատ արձակել արգելափակեալ ընդդիմադիր գնդ. Հիւսէյն Հարմուշը եւ վերադարձնել «Լութֆալլա 2» նաւը, որուն գծով վերջերս քողազերծուած էր, թէ զինամթերք կը փոխադրէ սուրիական ընդդիմադիր կողմերուն:
Առեւանգումի դէպքը շարունակեց ընդվզումի եւ դատապարտումի խոր ալիք մը ստեղծել: Արդարեւ, երէկ եւս բազմաթիւ ղեկավարներ, զանազան կողմերու անունով դատապարտեցին դէպքը` մաղթելով առեւանգեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակումը: Դէպքը նաեւ ունեցաւ իր ապահովական հակազդեցութիւնները:
Հարաւի Զահրանի շրջանին մէջ անծանօթներ ձեռնառումբ մը նետեցին բնակարանային համալիրի մը դէմ, ուր սուրիացի գործաւորներ կը բնակին: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, մարդկային զոհեր չկան:
Դիւանագիտական մակարդակի վրայ, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտարարեց, որ առեւանգեալներու ազատ արձակումը ժամերու հարց է եւ թէ ինք լիայոյս է տարուող ճիգերուն գծով:
Երեսփոխան Նաուար Սահիլի իր կարգին նշեց, որ խիստ բարձր մակարդակի վրայ քուլիսային ճիգեր կը տարուին` հաստատելով, որ առեւանգեալները ողջ-առողջ են:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պաշտօնական կայքէջը «ոչ հաւաստի» որակեց յառաջիկայ ժամերուն առեւանգեալներու ազատ արձակման մասին տեղեկութիւնները: Նոյն աղբիւրը այդ մէկը վերագրեց առեւանգիչներու ներկայացուցած երկար ու բազմաթիւ պահանջներուն:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ ՄԱԿ-ը խորապէս մտահոգ է Սուրիոյ մէջ լիբանանցիներու առեւանգման դէպքին գծով:
- 0 Comments
- 80 views
- Tweet
Email
Print



