Friday May 24, 2013

«Թուրքիոյ Հետ Ֆրանսայի Հարցը Ո՞րն Է» Հոլլանտին Հարց Տուած Է Կիւլ

By adminx - Thu May 24, 7:49 am

Հոլլանտ եւ Կիւլ

«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի Շիքակոյի վեհաժողովին ծիրին մէջ երկուշաբթի օր առաջին անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ եւ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ:

Ըստ թրքական աղբիւրներու, Կիւլի եւ Հոլլանտի հանդիպումը քիչ մը լարուած մթնոլորտի մէջ անցած է:

Հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Կիւլ հանդիպումին մասին որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդած է:

«Ես Հոլլանտին հարցուցի` Թուրքիոյ հետ Ֆրանսայի հարցը ո՞րն է: Ի՞նչ խնդիրի շուրջ են մեր բախումները: Կա՞յ արդեօք հարց մը, որ կը ստիպէ զիրար իբրեւ թշնամիներ դիտարկել», նշած է Կիւլ` յիշեցնելով նաեւ, որ վերջին քսան տարիներուն Ֆրանսայի նախագահներէն ոչ մէկը Թուրքիա ոտք դրած է:

«Վատ չէր ըլլար, եթէ մենք կարենայինք մեր յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ բանալ», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:

Tert.am կը գրէ, որ թրքական որոշ աղբիւրներու պնդումով` Կիւլի հետ հանդիպումին ընթացքին Ֆրանսուա Հոլլանտ նշած է, որ «նախապէս եղած սխալ հասկացողութիւնները պէտք չէ այսօրուան յարաբերութիւններուն վրայ շուք ձգեն»:

Leave a Reply

Advertisement