Նախարար Ժպրան Պասիլ Մամլոյ Ասուլիսով Պատասխանեց Ցուցարարներուն
By adminx - Thu May 24, 7:34 am
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print
Վառելանիւթի նախարար Ժպրան Պասիլ երէկ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ եւ անդրադարձաւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան օրավարձով աշխատող պաշտօնեաներու յայտարարած գործադուլին:
«Անիւներ հրկիզելով, ճամբաներ փակելով եւ բռնարարքներու դիմելով կարելի չէ լուծել հարցերը», ըսաւ Պասիլ: Ան յայտնեց, որ երեւոյթով Ելեկտրականութեան ընկերութեան պահանջներ կրող այս ցոյցը խորքին մէջ քաղաքական բնոյթ ունի եւ կը նպատակադրէ հարուածել Լիբանանի ներքին կայունութիւնը:
Այս հարցը Հիւսիսի դէպքերէն ոչ նուազ կարեւորութիւն ունի եւ պաշտօնեաներու այս ցոյցը, որուն պատճառները կ՛ըմբռնենք ու կը յարգենք զանոնք, կը միտի տկարացնել պետական հաստատութիւնները, որոնց կարգին` ելեկտրականութեան ընկերութեան հաստատութիւնը:
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print



