Friday May 24, 2013

«Սիփան»-Ի Աղջիկներուն Հեզաճկուն Պարը

By adminx - Thu May 24, 5:36 am

ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ

«Ես իմ անուշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում
ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում»
ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

Հայ մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենց երբ հպարտօրէն խօսեցաւ իր մեծ սիրոյն` «անուշ Հայաստանի» մասին, հաւատաց անոր «արեւահամ բառ»-ին, նաեւ` նայիրեան աղջիկներուն «հեզաճկուն պար»-ին: Շաբաթ, 5 մայիս 2012-ին կիպրահայ գաղութը ապրեցաւ Եղիշէ Չարենցի այս «սէրը»` մարմնաւորուած կիպրահայ գաղութի «Սիփան» պարախումբի 14 երիտասարդուհիներու հեզաճկուն պարերուն ընդմէջէն եւ մէկուկէս ժամ տեւած հայկական ու այլ յօրինումներով, որոնք պարարուեստի գեղեցիկ համոյթ մը կազմեցին:

Բայց նախ կայ ասացուածք-իրագործում մը, զոր պէտք է ընդլայնել:

Պատանեկութեանս օրերուն կարդացած եւ լսած էի ժողովրդական ասացուածք մը, որ կ՛ըսէ. «Գործ մը սկսէ հայու պէս եւ վերջացուր անգլիացիի պէս»: Բայց ինչո՞ւ հայը կրցած էր խլել լաւ գործ սկսողի համբաւը եւ անգլիացիին զիջած նոյն գործը աւարտողի համբաւը: Ո՛չ մէկ գիտական բացատրութիւն կայ, այլ ժողովրդական ասացուածք ըլլալով` հիմնուած էր փորձառութեան եւ դէպքերու զարգացումներու վրայ…: Բայց «Սիփան»-ի փորձը շրջեց ժողովրդային այս ասացուածքը:

Ֆելիքս Յարութիւնեանը` հայրենի արուեստագէտը, միջազգային ելոյթներու մասնակիցն ու մրցանակակիրը, «Սիփան պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը ստանձնեց 2011-ին: Ան իր բծախնդիր, խստապահանջ եւ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ կրցաւ պարախումբը հասցնել գեղարուեստականօրէն բարւոք մակարդակի: Բայց ոչ միայն այդ: Ան յաջողեցաւ հայ մշակոյթի սէրը դարբնել իւրաքանչիւր պատանիի եւ երիտասարդի սրտին ու հոգիին մէջ, որպէսզի անոնք մէկ կողմէ պարեն, բայց միւս կողմէ ապրին հայ մշակոյթը: Ասիկա այն «սիրոյ» նկարագրականն է, որ Եղիշէ Չարենց կը փորձէր բացատրել իր բանաստեղծութեան մէջ: Հայկական մշակոյթը պէտք է ապրիլ եւ իւրացնել, ապա պարել, որպէսզի ստեղծուի սէրը նոյնինքն «հեզաճկուն պարին» նկատմամբ:

2012 տարուան փորձառութիւնը քիչ մը տարբեր եղաւ:

Ֆելիքսի անակնկալ անհանգստութիւնը առկախեց լաւ սկսած աշխատանքը…: Եւ հիւանդութիւնը եւ աշխատանքներու առկախումը ստեղծեց մէկ կողմէ անորոշութիւն, բայց միւս կողմէ հոգեկան ճնշում…: Եւ հարցումը` «ինչպէ՞ս պէտք էր վերջացնել լաւ սկսուած աշխատանքը…»:

Գօգօ Քէլէշեան

Գօգօ Քէլէշեանը Ֆելիքսին աշակերտներէն է` Պէյրութի Համազգայինի «Քնար» պարախումբէն: Ֆելիքսի բծախնդիր եւ հետեւողական ցուցմունքներուն եւ վարժութիւններուն միջոցով Գօգոն սկսած է խօսիլ տալ իր մասին լիբանանահայ եւ լիբանանեան պարարուեստի տարբեր շրջանակներուն մէջ: Աւելի լաւ դասաւորում կարելի չէր ընել, երբ ուսուցիչը` Ֆելիքս Յարութիւնեան գործը յանձնեց եւ փոխանցեց Գօգոյին, որպէսզի կարելի ըլլայ շարունակել լաւ սկսած, բայց առկախ մնացած աշխատանքները:

Կիպրոսի Համազգայինի վարչութիւնը եւ «Սիփան» պարախումբի  անդամները մայիս 5-ին կրցան ապացուցել, որ լաւ սկսած աշխատանքը հայուն կողմէ կարելի է նաեւ վերջացնել` նոյնինքն հայուն միջոցաւ: Ուժական ներկայութիւն, բեմական գեղեցիկ ստեղծագործական միտք եւ աշխատանք, համաչափ շարժում եւ գունագեղ տարազներ: Այս ամէնը մեծ խճանկարի մը մէջ ստեղծեցին գեղարուեստական բարձրորակ եւ հաճելի երեկոյ-համոյթ մը:

Երեկոյին գեղեցիկ մտայղացումներէն էր «Նանոր» մանկապատանեկան պարախումբը` թիւով քսանվեց հոգի, որոնք ցոյց տուին, որ ոչ միայն կարելի է աշխատանքը լաւ ձեւով ամբողջացնել, բայց նաեւ լաւապէս ծրագրել յառաջիկայ տարիներուն համար: Ֆելիքսին եւ ապա Գօգոյին ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած էր մանկապատանեկան այս աշխատանքը եւս  յաջողցնել` ինչ որ լաւ գրաւական մը կրնայ հանդիսանալ յառաջիկայ տարիներու ծրագիրներու համար: Յայտագիրին մասնակցեցաւ «Արտուտիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը:

«Սիփան» պարախումբի լաւ սկսած, ապա ընդհատուած, բայց դարձեալ վերակազմակերպուած «ջանքերը» ուրախացուցին  Ֆելիքսը, հպարտացուցին Գօգոն, բայց անպայմանօրէն խանդավառեցին կիպրահայ գաղութը…: Ֆելիքսին ուրախութիւնը այն էր, որ իր մեծ աշխատանքը կիսատ եւ անաւարտ չմնաց: Գօգոյին հպարտութիւնը` թէ անորոշ եւ կիսատ մնացած գործը կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կարելի եղաւ յաջողցնել: Բայց հանդիսատեսին խանդավառութիւնը անոր այն ապրումն էր, թէ հայ մշակոյթը ապրող իրականութիւն է` հարուստ եւ բարձրորակ, եւ թէ նոր սերունդը ատակ է իւրացնելու զայն եւ բաժնեկցելու հաւաքական կեանքին մէջ…: Այս իրականութիւնը բաժնեկցիլը նոյնինքն Եղիշէ Չարենցի մեծ սէրն է` «անուշ Հայաստանին» եւ անոր աշխարհատարած նայիրեան աղջիկներու «հեզաճկուն պարին»:

Այս սէ՛րն է, որ հայ ժողովուրդը ողջ պիտի պահէ, բայց նաեւ` ապրող եւ կենսունակ իրականութիւն:

Եթէ մենք սիրեցինք «Սիփան»-ի աղջիկներուն հեզաճկուն  պարը, բայց նաեւ ապրեցանք պահը հայ մշակոյթի արժէքին: Այս արժէքն է, որ պէտք է պահել եւ փոխանցել:

Մինչ այդ, պէտք է հաւատալ, թէ` «գործ մը կարելի է սկսիլ հայու պէս` եւ անպայմանօրէն ամբողջացնել` նոյնպէս հայու պէս»:

Ֆելիքս եւ Գօգօ…: Ուսուցիչ եւ աշակերտ…: Գործը հայօրէն սկսան եւ հայօրէն ամբողջացուցին…:

 

12 մայիս, 2012

Leave a Reply

Advertisement