Sunday May 19, 2013

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

By adminx - Wed May 23, 6:00 am

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ երկուշաբթի, 21 մայիսին, Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը մեկնեցաւ Օման, ուր պիտի կատարէ բանակում մը մինչեւ յառաջիկայ հինգշաբթի, 31 մայիս` լաւապէս պատրաստուելու համար Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Դ. եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն:

Օման իր կեցութեան ընթացքին Լիբանան կիրակի, 27 մայիսին բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ դաշտին տիրոջ դէմ` Մոսքաթի մէջ գտնուող Սուլթան Քապուս մարզահամալիրին մէջ:

Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2012-ին, տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` Աւստրալիոյ դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Մարզական աւանին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 18:00-ին:

Leave a Reply

Advertisement