Friday May 24, 2013

Շուշիի Ազատագրութեան 20-Ամեակ. Ժողովրդային Տօնախմբութիւն` Այնճարի Մէջ

By adminx - Wed May 23, 7:11 am

Խաչիկ Տէտէեան

Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններէն անմասն չէին կրնար մնալ Այնճար հայաւանի բնակիչները: Արդարեւ, այս առիթով կիրակի, 20 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի «Արցախ ֆոնտ»-ի Այնճարի յանձնախումբը կազմակերպած էր յատուկ տօնախմբութիւն մը:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը արցախեան ազատամարտի պայքարի ճամբուն վրայ զոհուած հերոսներուն: Ապա, յանուն Այնճարի «Արցախ ֆոնտ»-ի յանձնախումբին հանդիսութեան բացումը կատարեց Ցօղիկ Գ. Հաւաթեան, որ դրուատեց արցախեան պահանջատիրութեամբ ծնած ազգային ազատագրական պայքարի սխրագործութիւնները` մէջբերելով անմահանուն Պետոյի վկայութիւնը, ուր ան կը նկարագրէ Ղարաբաղեան պատերազմէն ճգնաժամային պահեր: Ան մաղթեց այսուհետեւ ցաւով չնայիլ հայոց երկրի քարտէսին, այլ` յոյսով, որմէ ետք ներկայացուեցաւ նուագ` «Վարդ սիրեցի» եւ «Լորիկ», Րաֆֆի Թասլաքեանի եւ Ասօ Մախուլեանի կողմէ` կիթառի եւ շուիի ընկերակցութեամբ:

Իրմա Տէտէեան

Ապա խօսք առաւ Խաչիկ Տէտէեան` փոխանցելու օրուան պատգամը: Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ պատմաքաղաքական կարգ մը ճշմարտութիւններ` նշելով, որ պատմական վճռորոշ պահերուն հայ ժողովուրդը ունեցած է հեռատեսութիւն եւ բնազդային խիզախութիւն` լուծելու ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գերխնդիրներ: Թուելով հայոց պատմութեան վճռորոշ պահերը` Տէտէեան անդրադարձաւ`

ա) Հայ գիրերու գիւտին, որ պետական իսկ խրախուսանքով հայ ժողովուրդին տուաւ անկախ գոյատեւման մշակութային-ռազմավարական ամէնէն կարեւոր զէնքն ու յենարանը:

բ) Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հռչակումը, որ հայ ժողովուրդին պիտի շնորհէր հոգեւոր եւ կրօնական անկախութիւն` ազգային եկեղեցւոյ դիմագիծի տարազին տակ:

գ) Վարդանանց-Աւարայրի գոյամարտը, որ հայ ժողովուրդին շնորհեց իր հաւատքին կառչած մնալու եւ իր հողին վրայ անկախ ապրելու ու յարատեւելու իրաւունքը:

դ) Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատագրական եւ գոյութենական մարտերը, հուսկ` Մայիսեան յաղթանակը, որոնք հայ ժողովուրդին ընձեռեցին անկախ պետականութիւն ստեղծելու ոսկեայ առիթը, 600 տարուան թրքական ստրկական լուծը թօթափելու երազանքը եւ առաջին հանրապետութեան ստեղծումը:

ե) Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրական շարժումը եւ հուսկ Շուշիի, Լաչինի եւ Քելբաջարի ազատագրումը եւ ցամաքային կապով Հայաստանի Հանրապետութեան միացումը, որ ռազմավարական քանի մը հարցեր լուծեց միանգամայն` ապահովելով ներկայ Հայաստանի թիկունքը թշնամի Ազրպէյճանէն եւ ազատագրելով պատմական Հայաստանի արեւելեան դարպասը:

Իր խօսքի աւարտին Խ. Տէտէեան հաստատեց, որ Շուշիի ազատագրումը յաղթանակի տօն է. մայիսեան մեր բոլոր յաղթանակներուն վերջին օղակը, վերջին լուսապսակը, որուն պիտի յաջորդեն նորերը` ի խնդիր ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեան մեր մեծ երազանքի ու տեսլականի իրագործման:

Բանախօսութենէն ետք տեղի ունեցաւ արցախեան պայքարի մասին տեսերիզի ցուցադրութիւն` պատրաստութեամբ Կարպիս Քենտիրճեանի: Անկէ ետք Իրմա Տէտէեան ասմունքեց «Մայիսեան յաղթանակ» քերթուածը:

Յայտագիրի վերջին բաժինով հանդէս եկաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանի պարախումբը, որ ներկայացուց Անուշ եւ Ինկա Արշակեաններու «Մենք ենք մեր սարերը» պարը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Նարինէ Գրիգորեանի:

Ներկաները սրահէն մեկնեցան հայոց բանակին նուիրուած երգին հնչողութեամբ:

 

Leave a Reply

Advertisement