Օթան-Ի Վեհաժողովի Հռչակագիրին Մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Շուրջ Մտահոգիչ Ձեւակերպումներ Կատարուած Են Նախագահ Սարգսեան Չմասնակցեցաւ Վեհաժողովին
By adminx - Tue May 22, 7:50 am
- 0 Comments
- 208 views
- Tweet
Email
Print
Շիքակոյի մէջ ընթացող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի մասնակիցները որդեգրած են հռչակագիր մը, որուն մէջ անդրադարձ կայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման:
ՕԹԱՆ կոչ ուղղած է քաղաքական կամք դրսեւորելու` ձգձգուած տագնապները լուծելու համար:
«Հարաւային Կովկասի եւ Մոլտաւիոյ Հանրապետութեան մէջ շրջանային տագնապները կը շարունակեն դաշինքը մտահոգել: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք կառուցողական մօտեցում ցուցաբերելու եւ քաղաքական կամք դրսեւորելու` գործող բանակցային ձեւաչափերով տագնապներուն խաղաղ լուծման համար», ըսուած է հռչակագիրին մէջ:
ՕԹԱՆ կողմերուն կոչ ուղղած է խուսափելու այնպիսի քայլերէ, որոնք կը վտանգեն շրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:
«Մենք կը սատարենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Մոլտաւիոյ տարածքային ամբողջականութեան, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան: Մենք պիտի շարունակենք ջանքեր գործադրել` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին հիման վրայ շրջանային խնդիրներու խաղաղ լուծման համար», նշուած է հռչակագիրին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 19 մայիսին Շիքակոյի հայ համայնքին հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշեց չմասնակցիլ Շիքակոյի մէջ ընթացող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին` անոր հռչակագիրի նախագիծին վրայ ներառուած մտահոգիչ ձեւակերպումներուն պատճառով:
Ըստ նախարարին, վեհաժողովի հռչակագիրի նախագիծին մէջ ներառուած Հարաւային Կովկասի եւ Մոլտաւիոյ մէջ տագնապներու լուծման վերաբերեալ ընդհանրական ձեւակերպումը կը հակասէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման միջազգային միջնորդական պաշտօն ունեցող Մինսքի խմբակի համանախագահներու մօտեցումներուն:
Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ ատիկա կրնայ ոչ միայն վնաս հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին, այլեւ վտանգել շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող փխրուն իրավիճակը, յատկապէս Ազրպէյճանի զինուորական ծախսերու աննախադէպ աճի եւ անոր ղեկավարութեան ռազմատենչ հռետորաբանութեան խորապատկերին վրայ: Ըստ նախարարին, նախագահ Սարգսեան` հաշուի առնելով այս մտահոգութիւնը որոշեց չմասնակցիլ Շիքակոյի վեհաժողովին:
Կովկասի հիմնարկի փոխտնօրէն, քաղաքագէտ Սերկէյ Մինասեան յայտնեց, որ Սերժ Սարգսեանի Շիքակօ չմեկնիլը անխուսափելի էր, բայց այդ քայլը չի վնասեր ՕԹԱՆ-Հայաստան յարաբերութիւններուն:
«Այն պահուն, երբ Ռուսիոյ նախագահը չի մասնակցիր, ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին չմասնակցիլը Հայաստանի նախագահին համար շատ յարմար պատրուակ է Ռուսիոյ որոշ պատգամ մը ցոյց տալու», աւելցուց Սերկէյ Մինասեան:
- 0 Comments
- 208 views
- Tweet
Email
Print



